image

Մոսկուայի Նոր Նամակը ՝ Զահրան Ալլուշ

Մոսկուայի Նոր Նամակը ՝  Զահրան Ալլուշ

 Սուրիական  պատերազմի  հոլովոյթին մէջ բաւական տրամադիք զարգացումներ  տեղի կ'ունենան:   19   Դեկտեմբերին «Հըզպալլա»ի  պատասխանատուներէն`    Սամիր Քընթարի սպանութենէն մէկ շաբաթ  ետք Դամասկոսի  գիւղական    «Ալ  Պըրժ»  շրջանին մէջ հաշուեյարդարի  կ'ենթարկուի   Րիատի  թիւ մէկ     մարդը համարուող  ` Զահրան Ալլուշը:«Ժայշ Ալ Իսլամ»ի գլխաւոր պատասխանատուն կը սպաննուի ռուսական   կործանիչներու հարուածով,  հակառակ անոր, որ Սուրիոյ բանակի  մէկ բանբերը  «Սանա» լրատուականի միջոցաւ կը յայտնէ, որ Ալլուշ  սպաննուած է կառավարական ուժերու կրակներով:       Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մինչ լռութիւն կը պահէ  դէպքին շուրջ, մէկէ  աւելի  գործակալութիւններ կարեւոր մանրամասնութիւններ յայտնելէ բացի կը վստահեցնեն, որ   հարուածը  ռուսական է:  Մոսկուա   այս   արարքով (նոյնիսկ եթէ  պաշտօնապէս չըստանձնէ)    գործողութեան պատասխանատուութիւնը),   քանի մը    պատգամներ յղած պիտի ըլլայ  «սուրիական  խաղին»  մասնակիցներուն, որոնց ամէնէն    կարեւորը Րիատին ուղղուած   նամակն է:     Մոսկուա   առկայ խաղը աւելիով կը բանայ եւ կը փորձէ  բոլոր կողմերուն ներգրաւուածութիւնը ապահովել: Բացի  անկէ նաեւ կը   հաստատէ, թէ  յառաջիկայ 2016-ի     առաջին  ամսուան  ընթացքին Ժընեւի մէջ  մասնակցութիւն ունենալիք ընդդիմադիր կողմերու  համալրումը    պիտի կատարուի միայն իր վճիռով:   Տեղին է յիշեցնել,  թէ Ալլուշ, որ նաեւ   Սուրիոյ ընդդիմութեան    «չափաւորական» թեւին  անդամ էր, քանիցս խոստացած էր   գետնի հաւասար  ընել  Դամասկոսը:   Բացի ատկէ,   Ռուսիոյ այս քայլը   կը միտի ընդհանուր  հասարակ  յայտարար  մը    մէջտեղ բերել: Մոսկուա  ամէն գնով կը կրկնէ  Սէրկէյ Լավրովի խօսքը, ըստ որուն    լաւ եւ վատ  ահաբեկիչներ չկան , այլ կան միայն  ահաբեկիչներ:  Սպիտակ քարերով  կատարուած  այս խաղադրոյքը վստահաբար նոր ճանապարհ պիտի բանայ    սուրիական բանակին համար, բացի անկէ, որ Ղութա շրջանը  բաւականին խրթին,          զինուորապէս ճահճային  եւ  ընդդիմադիրներու  Գանտահարը համարուող  շրջան մըն է:  Տեղին  է նշել  նաեւ, որ   վերջին օրերուն   մէկէ աւելի     Սիւննի աղբիւրներ   վերլուծումներ կը  հրապարկեն  այն մասին, որ  լիբանանցի Սամիր Քընթարի սպաննութիւնը  այլ հարցերու կողքին          Մոսկուա- Իրան  լարուածութիւնը վերացնելու կը ծառայէր:  Կը մնայ հարցումը,  արդեօ՞ք  Զահրան Ալլուշի  սպաննութեամբ Մոսկուա կը միտի  ընդհանուր «հաւասակշռութիւն»  մը ստեղծել,   այդքան   տագնապալի ,  այդքան  ծանր եւ այդքան կարմիրով  ընդգծուած  Սուրիոյ պատերազմի  այս  հանգրուանին համար: