image

Փաշինեան Միշելին փոխանցած է Արցախի նախագահի նամակը

Փաշինեան Միշելին փոխանցած է Արցախի նախագահի նամակը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ԵՄ խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նամակը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը։

Ան նշած է, որ նամակը փոխանցուած է Արայիկ Յարութիւնեանի խնդրանքով։

Յիշեցնենք` Փաշինեանը Պրիւքսէլ մեկնած է երէկ`14 յուլիսին։ Այսօր ան հանդիպում պիտի ունենայ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ, այնուհետեւ նախատեսուած է ՀՀ վարչապետի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: