image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ իր իսկ արարքներու մէջ Հայաստանը մեղադրելու փորձերը. ՄԱԿ-ի մէջ հրապարակուած է ՀՀ մշտական ներկայացուցչի նամակը

Ատրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ իր իսկ արարքներու մէջ Հայաստանը մեղադրելու փորձերը. ՄԱԿ-ի մէջ հրապարակուած է ՀՀ մշտական ներկայացուցչի նամակը

Մարտ 24-ին, որպէս ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի եւ Գլխաւոր վեհաժողովի պաշտօնական փաստաթուղթ, հրապարակուած է ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանի նամակը` ուղղուած ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին` զինուած հակամարտութեան երեխաներու ներգրաւման առնչութեամբ Հայաստանի հանդէպ մեղադրանքներ պարունակող, Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառած զեկոյցի առնչութեամբ։

Նամակին մէջ կը հերքուի ՄԱԿ-ի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ տարածուած ապատեղեկատւութիւնն այն մասին, թէ, իբր, Հայաստանի զինուած ուժերու մէջ անչափահաս երեխաներ կը ներգրաւուին՝ ընդգծելով, որ կեղծիքի տարածումը ՄԱԿ-ի մէջ Ատրպէյճանին բնորոշ գործելաոճ դարձած է:

Ընդգծելով հակամարտութեան տարածքներու մէջ բնակող երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան Հայաստանի յանձնառութիւնը` ՀՀ մշտական ներկայացուցչի կողմէ նշուած է, որ Ատրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ իր իսկ դատապարտելի արարքներու մէջ Հայաստանը մեղադրելու ապարդիւն փորձերը, այդ շարքին՝ չարաշահելով երեխաներու իրաւունքներու թեման առերեւոյթ քարոզչական նպատակներու համար, եւ ատոր փոխարէն կատարէ իր իրաւական պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կայացուցած որոշումները։

Նամակը հասանելի է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքին մէջ հետեւեալ յղումով: