image

ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը կը քննարկեն իրանեան յարձակման պատասխանը

ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը կը քննարկեն իրանեան յարձակման պատասխանը

Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը կը քննարկեն Իրանի հարուածին հնարաւոր պատասխանը: Այդ մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը։

Նա նշած է, որ Իրանի յարձակումը խափանուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ռազմական ներուժի շնորհիւ։

«Իրանի յարձակումը խափանուեցաւ՝ ցոյց տալով այն մեծ աշխատանքը, որ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը միասին կ՚ընէին՝ կանխատեսելու եւ պաշտպանելու համար մեր ակնկալած համարձակ յարձակումը: Միացեալ Նահանգները միանշանակ պիտի կանգնի Իսրայէլի թիկունքին»,-ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Իսրայէլը յայտարարած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը որսացած են Իրանէն արձակուած աւելի քան 180 հրթիռ:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանը յայտարարած է. «Մենք յստակ հասկցուցած ենք, որ այս յարձակումը պիտի ունենայ հետեւանքներ, լուրջ հետեւանքներ, եւ մենք պիտի աշխատինք Իսրայէլի հետ՝ այդ իրականութիւն դարձնելու համար»:

Սալիվանը, սակայն, չէ յստակեցուցած, թէ ինչպիսի հետեւանքներ պիտի ըլլան, միաժամանակ ան Իսրայէլին զսպուածութեան կոչ չէ ըրած ինչպէս ըրած էր ապրիլին, երբ Իրանը անօդաչու սարքերով եւ հրթիռներով յարձակեցաւ Իսրայէլի վրայ: