image

Սէյիտ Նասրալլայի վերջին պահերը. Պատանքով փաթթուած մարմին, անաղարտ դիակ եւ վերջին յարգանքի մեծ արտայայտութիւն (Լուսանկար)

Սէյիտ Նասրալլայի   վերջին պահերը. Պատանքով փաթթուած մարմին, անաղարտ  դիակ եւ  վերջին յարգանքի մեծ արտայայտութիւն  (Լուսանկար)

«Հըզպալլա» կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Հասան Նասրալլայի մահուան կապակցութեամբ լիբանանեան լրատուական հարթակներով տեսանիւթ եւ լուսանկարներ  տարածուած են, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս նկուղներէն դուրս կը հանուի պատանքով  մարմինը: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Ժնուպիէ» լրատուական կայքէն:

Իր կարգին «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը նշած է, թէ կիրակի յետմիջօրէին, Հասան Նասրալլայի դիակը դուրս հանուած է փլատակներուն տակէն: Ըստ գործակալութեան՝ «դիակը անվնաս վիճակի մէջ էր, վնասուածքներ չկային, ինչ որ կ'ենթադրէ, որ մահը պատահած է պայթումի ուժգնութեան հետեւանքով»: 

 «Ալ Ժազիրա» կայանը  հաղորդած է, որ  «նախնական հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, թէ մարմինը չէ ենթարկուած ուղիղ հարուածի»: Իսկ իսրայէլեան 12-րդ ալիքի  կարծիքով, «ան շնչահեղձ եղած է, որովհետեւ կը գտնուէր այնպիսի տեղ, ուր օդափոխութիւն չկար, եւ իսրայէլեան օդային հարուածներու յառաջացուցած պայթումներու ծուխը հասած է իր գտնուած վայրն ու խեղդամահ ըրած զինք»:   

Յիշեցնենք, որ Նասրալլա սպաննուած էր ուրբաթ օր, երբ իսրայէլեան կողմը 80 հրթիռներով հարուածած «Հըզպալլա»ի կեդրոնը, որ կը գտնուի   «Հարէթ հրէք» թաղամասին մէջ։ Նասրալլայի հետ սպաննուած են նաեւ  կուսակցութեան զինուորական ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ իրանցի   ռազմական  պատասխանատու մը։  

 Իր կարգին լրագրող Զէյնապ Աուատա եւ այլ օգտատէրեր հրապարակած են Սայէտ Նասրալլայի պատանքով դուրս հանուելու տեսանիւթը եւ լուսանկարը: Աուատա  գրառում կատարած է Նասրալլայի մասին, ուր մասնաւորապէս գրած.  «Լուացին զինք, պատանքով փաթթեցին  ըսելով «Չեմ գիտեր, եթէ իրաւունք ունինք խօսելու, բայց որպէսզի հոգիները խաղաղին... Աստուած վկայ, մենք կը տեսնէինք անմեղը լուացուած ատեն: Ան հանգիստ էր, գեղեցիկ իր արժանապատուութեամբ, իր ալեհեր մազերով եւ իր ճանչցուած հեղինակութեամբ: Ո՛վ պատանքը փաթթող, զգոյշ վարուիր անոր մարմնին հետ»: