image

Արցախի համար պատրաստուած նամակը հասած է գլխաւոր գրասենեակի ղեկավարութեան

Արցախի համար  պատրաստուած նամակը  հասած է  գլխաւոր գրասենեակի  ղեկավարութեան

 Երեւանի մէջ ՄԱԿ–ի գրասենեակի մօտ բողոքի արշաւ իրականացնող երիտասարդներուն յայտնած են, որ իրենց նամակը փոխանցուած է ղեկավարութեան։

Նշենք, որ արշաւը իրականացուած է յաջակցութիւն արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանի, որուն 29 յուլիսին ատրպէյճանցի սահմանապահները առեւանգած էին Լաչինի միջանցքին վրայ գտնուող ապօրինի տեղադրուած անցակէտէն։

Աքթիւիսթ Նարեկ Այվազեանը նշած է, որ իրենց նամակը արդէն փոխանցուած է հայստատանեան գրասենեակի ղեկավարութեան, սակայն դեռ չեն կրնար ըսել, թէ երբ պատասխան կ'ըլլայ։

«Խնդրել ենք, որպէսզի փորձեն գոնէ մօտաւոր ժամկէտ նշել, թէ երբ կը լինի մեր նամակի պատասխանը»,–ըսած է Այվազեանը։

Մինչ այս մօտ 20 վայրկեանով արշաւի մասնակիցները փակած էին ՄԱԿ գրասենեակի բոլոր մուտքերն ու ելքերը։

Այվազեանը յայտարարած է նաեւ, որ մինչ օրս Ազատութեան հրապարակին մէջ ժամը 19։00-էն սկսող իրենց հանրահաւաքները այսուհետեւ պիտի տեղափոխուին ՄԱԿ գրասենեակի մօտ։

Նշենք, որ օրեր առաջ բազմաթիւ քաղաքացիներու բերած պարէնամթերքը ՄԱԿ-ի գրասենեակի մօտ կը շարունակեն այդպէս  դրուած մնալ դարպասներու եւ ճաղերու մօտ։