image

Մոսկուայի մէջ վերջին յարգանք` Լեւոն Հայրապետեանին

Մոսկուայի մէջ վերջին յարգանք` Լեւոն Հայրապետեանին

Այսօր Մոսկուայի մէջ  հայութիւնը իր     վերջին յարգանքը տուած է  օրեր  առաջ      մահացած   հայազգի բարերար  Լեւոն  Հայրապետեանին: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Մոսկուայի իր աղբիւրէն:   Մեր աղբիւրին  փոխանցմամբ,   այս առաւօտ  Հայրապետեանի    դին      Մոսկուայի  «Սուրբ պայծառակերպութիւն» առաջնորդանիստ եկեղեցիէն  փոխադրուած է     «Նովոդեւիչեան» հայկական  գերեզմանատուն,   ուր  տեղի ունեցած է   յուղարկաւորութիւն եւ  թաղման  արարողութիւն:  

Ըստ մեր աղբիւրի  արարողութեան ներկայ եղած  են  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Բակօ Սահակեան, ՀՀ  պաշտպանութեան նախկին նախարար  Տիար Սէյրան  Օհանեան,  բարերարներ  Ռուբէն  Վարդանեան եւ Արա  Աբրահամեան, մոսկուաբնակ  վերլուծաբան Անդրանիկ Միհրանեան, հանգուցեալի մտերիմ բարեկամ  Մացակ Փօլատեան եւ այլք:    Այս         առթիւ յաւուր  պատշաճի խօսքեր  արտասանած են   Սէյրան  Օհանեան եւ Մացակ  Փօլատեան, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ վեր  առած  են       հանգուցեալին անցած ճանապարահը եւ     նշած, որ     Լեւոն Հայրապետեան       հաւատացողն էր  մեր ժողովուրդի միասնութեան   գաղափարին եւ  իր բոլոր  միջոցները   ծառայեցուցած էր իր խնդիր  մեր      հաւաքական    խնդրիրներու լուծման   առանձին եւ յատուկ տեղ  վերապահելով հերոսական Արցախին:

Այս  առթիւ   Մոսկուա  ժամանած     Լեւոն Հայրապետեանի երկար տարիներու մտերիմ  ընկեր    Մացակ Փօլատեան  հայերէն    լեզուով արտասանած խօսքին մէջ   մասնաւորապէս  ըսած է, որ Լեւոն Հայրապետեանի  միակ  երազը  հայութիւնը հզօր  տեսնելն էր ու  այդ առումով   ալ ան  ամէն ճիգ   թափեց ապահովելու եւ    տարածելու համար  Հայաստան-Արցախ- Սփիւռք  եռամիասնութիւն գաղափարը:

Փօլատեան նաեւ նկատել տուած է, որ     Հայրապետեան այս տխուր   ճակատագրին     պիտի չարժանանանր,   եթէ   հայութիւնը ըլլար միակամ  ու     բոլորին  ճիգերը  ներդրուէին, որպէսզի ան  ազատ  արձակուի  բանտէն:

Նշենք, որ  թաղման  եւ   երէկ  տեղի ունեցած  հոգեհանգստեան  արարողութեանց  ներկայ եղած ու հանդիսապետած  է    Մոսկուայի եւ  Նոր Նախիջեւանի  թեմի  առաջնորդ  Տ. Եզրաս եպս. Ներսիսեան: 

 

Լուսանկարները ՝ «Արեւելք»ի