Ռուսիա- («Ալ Հայաթ» Լոնտոն)Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ յառաջիկայ Երեքշաբթի օր կարեւոր հանդիպումներ կը սպասուին: Ըստ «Ալ Հայաթ»ին Սէուտական Արաբիոյ ԱԳ նախարար Ատէլ Ալ Ժուպայր հանդիպում պիտի ունենայ Ռուս իր պաշտօնակից ՝ Սէրկէյ Լավրովին հետ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ կողմերուն միջեւ բանակցութեանց հիմնական առանցքը Սուրիոյ տագնապին վերջին զարգացումներն են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ռուսական կողմը Սէուտցի պաշտօնավարին պիտի առաջարկէ ահաբեկչութեան եւ յատկապէս ISIS-ի դէմ պայքարելու նոր առաջարկ- ծրագիր մը: