image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայի մէջ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում պիտի ըլլա՞յ

Մոսկուայի մէջ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում պիտի  ըլլա՞յ

Երեւանը կը դիտարկէ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կայացնելու ռուսական կողմի առաջարկը, սակայն յստակ պայմանաւորուածութիւններ դեռ չկան, «Ինտթըրֆաքս»-ին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանը։

«Կան տարբեր առաջարկներ, քննարկումներ, բայց կոնկրետ պայմանաւորուածութիւններ դեռ չկան, քանի որ աշխատանքային ժամանակացոյցի հետ կապուած դժուարութիւններ են առաջանում, հետեւաբար, այստեղ խնդիրներ չկան, կայ միայն տեխնիկական պայմանաւորուածութիւն, հայկական կողմը ոչ մի առաջարկից չի հրաժարւում, աշխատանքներ են տարւում»,-ըսած է Յարութիւնեանը։