Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է Չինաստանի իր գործընկեր Սի Ծինփինի հետ նեղ եւ ընդլայնուած կազմերով։ Անոնք քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները, համաշխարհային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցերը։
Փութին շեշտած է, որ Մոսկուա պատրաստ է պահպանելու ռազմավարական համագործակցութիւնը եւ ընդլայնելու կապերը Փեքինի հետ։ Սի Ծինփին, իր հերթին, նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները անցած են բազմաթիւ փորձութիւններէ եւ կը ծառայեն իբրեւ օրինակ՝ միջպետական յարաբերութիւններու, բարեկամութեան եւ փոխշահաւէտ գործակցութեան։
Մինչ այս, Փութին եւ Սի Ծինփին եռակողմ հանդիպում ունեցած էին Մոնկոլիոյ ղեկավարին հետ։ Այս հանդիպումէն ետք «Կազփրոմ»-ի ղեկավարը յայտնած է, որ ռուսական ընկերութիւնը Չինաստանի ազգային նաւթային ընկերութեան հետ նոր յուշագիր ստորագրած է «Սիպիրի ուժը-2» կազատարի եւ Մոնկոլիոյ տարածքով «Սոյուզ Վոսթոք» տարանցիկ կազատարի կառուցման մասին։ Նոր պայմանաւորութիւններուն համաձայն՝ ռուսական կազի մատակարարումները պիտի իրականացուին 30 տարուան ընթացքին, տարեկան 50 միլիառ խորանարդ մեթր ծաւալով։