image

Մտահոգիչ տեղեկութիւններ Ռուբէն Վարդանեանի խոշտանգման մասին․ ՄԻՊ

Մտահոգիչ տեղեկութիւններ Ռուբէն Վարդանեանի խոշտանգման մասին․ ՄԻՊ

Ընկերային մետիայի մշտադիտարկումներու հետեւանքով մտահոգիչ տեղեկութիւններ ստացած ենք Ռուբէն Վարդանեանի առողջական վիճակի վատթարացման եւ խոշտանգման մասին: Այս մասին ըսած է Մարդկային իրաւանց պաշտպանի խորհրդական Արթուր Ասլանեանը:

Ան նշած է, որ Մարդկային իրաւանց պաշտպանի լիազօրութիւններու շրջածիրէն ներս կը շարունակուին համապատասխան քայլեր իրականացուիլ։

«Հաշուի առնելով հարցի զգայունութիւնն ու պաշտպանի աշխատակազմի՝ «չվնասելու սկզբունքով» աշխատելու կարեւորութիւնը՝ վերոնշեալ գործընթացների վերաբերեալ այլ մանրամասները հրապարակայնօրէն ներկայացնելն այս պահին նպատակայարմար չենք համարում»,-ըսած է Ասլանեանը։

Մարդկային իրաւանց պաշտպանն ընդգծած է, որ կը շարունակէ խնդիրը բարձրաձայնել մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մանթատ ունեցող դերակատարներու շրջին մէջ եւ կոչ կ՚ընէ բոլոր դերակատարներուն շուտափոյթ եւ պատշաճ քայլեր ձեռնարկելու խնդրի հասցէաւորման ուղղութեամբ։