image
Հրատապ լուրեր:

Մօտիկ ապագային Ատրպէյճան մտադիր չէ յարձակիլ Հայաստանի ուղղութեամբ. Ատրպէյճանցի դիւանագէտ

Մօտիկ ապագային Ատրպէյճան մտադիր չէ յարձակիլ Հայաստանի ուղղութեամբ. Ատրպէյճանցի դիւանագէտ

Իտալիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրբեկովը իտալական In Terris հրատարակութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Պաքուն մօտ ապագային մտադիր չէ ներխուժել Հայաստանի տարածք։

Ըստ Ամիրբեկովի, այդ տեղեկութիւնը «կեղծ լուր» է։

«Հաստատապէս ոչ։ Այս օրերուն կը շրջանառուին կեղծ լուրեր, որոնց ծագումը մենք չենք կրնար ամբողջութեամբ հասկնալ։ Կեղծ լուրերուն մէջ կ՚ըսուի, որ շարժառիթը կամ պատրուակը պիտի ըլլայ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը», այսինքն՝ փոխադրային կապը ներքին Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի արտագաւառի միջեւ. իրականութեան մէջ սա միայն Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կամ տարածաշրջանային պետութիւնները միաւորող կապ չէ , բայց աւելի լայն իմաստով այն միաժամանակ կրնայ «Միջին միջանցքի» համար այլընտրանքային երթուղի դառնալ, որ կրնայ կապել Ասիան Եւրոպայի հետ եւ դառնալ համաշխարհային առեւտուրին հզօր խթան տուող ռազմավարական նախագիծ։

Եթէ ​​Հայաստանը չի սիրեր «միջանցք» եզրոյթը, ապա կրնանք օգտագործել «հաղորդակցութիւն», «ճանապարհ», «կամուրջ», «ենթակառուցուածք» եւ այլ եզրոյթներ: Միջանցքը զուտ տնտեսական եւ փոխադրային հայեցակարգ է։ Եթէ ​​Հայաստանն այս հարցով չկատարէ իր պարտաւորութիւնները, մենք ունինք նոյն գործառոյթով այլընտրանքային տարբերակ, այն է՝ կարճ ժամանակի մէջ կառուցուած երկաթուղիով եւ ճանապարհով Իրանի տարածքով Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ կապելու նախագիծ։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա այն տարածաշրջանին մէջ կը մնայ փակուղային վիճակի մէջ, ինչպէս եղած է մինչ այժմ՝ հայերու ընտրութեամբ»,-ըսած է Ատրպէյճանի դեսպանը։