image

Մօտ են միջուկային համաձայնագրի վերականգնման. Իրանցի դիւանագէտ

Մօտ են միջուկային համաձայնագրի վերականգնման. Իրանցի դիւանագէտ

«Շաբաթներ տեւած բանակցութիւններէ յետոյ մենք այսօր, առաւել քան երբեւէ, մօտ ենք միջուկայինի շուրջ համաձայնագրին», Թուիթըրի իր էջով գրած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար, Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի վերսկսման շուրջ իրանցի բանակցող Ալի Պաղերին: «Բանակցութիւններուն մէջ մեր գործընկերները պէտք է իրատես ըլլան, խուսափին անզիջում կեցուածքէն եւ դասեր քաղեն վերջին չորս տարիներէն: Ժամանակն է, որ անոնք լուրջ որոշումներ կայացնեն», յայտնած է դիւանագէտը:

Իր հերթին, ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Նետ Փրայս յայտնած է, որ ԱՄՆ կը գտնուի Իրանի հետ անուղղակի բանակցութիւններու վերջին փուլին, որուն նպատակն է 2015 թուականի համաձայնագիրը փրկելը: «Սա իսկապէս վճռորոշ ժամանակաշրջան է, որու ընթացքին մենք պիտի կարենանք պարզել` արդեօ՞ք կողմերը երկուստեք կը վերադառնան միջուկային համաձանյագրի պահպանման, թէ՞ ոչ», ըսած է Փրայս: