image

Հունգարիան կը վտարէ 10 ռուս դիւանագէտ․ Հունգարիոյ ԱԳՆ

Հունգարիան կը վտարէ 10 ռուս դիւանագէտ․ Հունգարիոյ ԱԳՆ

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պուտափեշթի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին տեղեկացուցած է ռուսական դեսպանատան 10 աշխատակիցներու վտարման որոշման մասին։ Այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Անիթա Օրպանը։

«Այսօր, իմ յանձնարարութեամբ, Արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան պաշտօնեան Պուտափեշթի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին տեղեկացուցած է, որ հունգարական իշխանութիւններու գնահատմամբ՝ ռուսական առաքելութեան 10 աշխատակիցներ Հունգարիոյ տարածքին զբաղած են գործունէութեամբ, որ Վիեննայի համաձայնագիրին համաձայն անընդունելի է դիւանագէտներու համար»,– գրած է Օրպանը։

Անոր խօսքով՝ այս քայլը չի նշանակեր Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզում։

«Սա չի նշանակեր Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզում։ Հունգարիան մտադիր է շարունակել անհրաժեշտ երկխօսութիւնը՝ հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի եւ սահմանուած կանոններու պահպանման սկզբունքներուն վրայ»,– աւելցուցած է Օրպանը։