Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները վաղ թէ ուշ ստիպուած պիտի ըլլայ վերականգնելու Իրանի հետ յարաբերութիւնները՝ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան աւարտէն ետք։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄԷ-ի նախագահին դիւանագիտական հարցերով խորհրդական Անուար Կարկաշը։
«Իրանի հետ յարաբերութիւնները կը մնան կեդրոնական հարց ոչ միայն ԱՄԷ-ի, այլեւ Պարսից ծոցի բոլոր երկիրներու համար։ Իրանը կը մնայ մեր դրացին, եւ ինչ որ պահի մենք ստիպուած պիտի ըլլանք միջոց գտնել՝ վերականգնելու այն, ինչ որ կարելի է վերականգնել։ Աշխարհագրութիւնը մեզի այլընտրանք չի ձգեր», ըսած է ան Ապու Տապիի մէջ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած միջազգային համաժողովին ընթացքին։