image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեան. «Դիտորդական առաքելութիւնը դրական է»

Միրզոյեան. «Դիտորդական առաքելութիւնը դրական է»

26 Յունուարին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵՄ արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Էնրիքէ Մորայը:

Կողմերը կարեւորած են նոյն օրը տեղի ունեցած ՀՀ-ԵՄ քաղաքական եւ անվտանգային հարցերով երկխօսութեան առաջին նիստի կայացումը: Քննարկուած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր: 

Արարատ Միրզոյեան եւ Էնրիքէ Մորան անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու: Նախարար Միրզոյեանը բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայման մասին որոշումը՝ համոզմունք յայտնելով, որ այն պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման:  

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճն յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ վերջին զարգացումները: 

Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին՝ Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը հանդիսանան 2020թ. նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու, ինչպէս նաեւ` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում: Նախարար Միրզոյեանը շեշտած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ իր ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններու չկատարումը եւ առաւելապաշտական դիրքորոշումը մեծապէս կը խաթարէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման հայկական կողմի ջանքերը: