image

Ռուպիո դրական կը գնահատէ Իրանի հետ համաձայնութեան երթալու առիթները

Ռուպիո դրական կը գնահատէ Իրանի հետ համաձայնութեան երթալու առիթները

Միացեալ Նահանգները լաւ կարելիութիւններ ունի Իրանի հետ միջուկային հարցի շուրջ ժամանակաւոր համաձայնութեան հասնելու համար։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։

«Այս պահուն սեղանին վրայ շատ լաւ առաջարկ կայ՝ սահմանափակ ժամկէտով միջուկային բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ, եւ յոյս ունիմ, որ պիտի յաջողինք հասնիլ ատոր։ ԱՄՆ-ը կամ պիտի հասնի Իրանի հետ լաւ համաձայնագրի, կամ «հարցը այլ կերպ պիտի լուծէ»»։