image

Միջազգային հանրութիւնը ամէն ինչ պէտք է ընէ ապահովելու հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը. Գանատացի երեսփոխան

Միջազգային հանրութիւնը ամէն ինչ պէտք է ընէ ապահովելու հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը. Գանատացի երեսփոխան

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ամէն բան ընէ, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքները յարգուին: Նման յայտարարութիւն ըրած է Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Պրայըն Մէյը, հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը:

«Ես ուշադիր կը հետեւիմ մարդասիրական ճգնաժամին, որուն կ'ենթարկուին Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները: Ատրպէյճանական յարձակումը հազարաւոր հայերու ստիպած է լքել իրենց տուները՝ թողելով անոնց առանց առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, ինչպիսիք են սնունդն ու դեղորայքը։ Ես կոչ կ'ընեմ բոլոր կառավարութիւններուն անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու՝ լուծելու այս հրատապ մարդասիրական ճգնաժամը, վերջ դնելու բռնութեան եւ թոյլ տալու բոլոր տեղահանուած մարդոց անվտանգ վերադարձը իրենց տուներ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ընի ամէն բան, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքները յարգուին, եւ պաշտպանուի անոր անվտանգութիւնը», - գրած է գանատացի պատգամաւորը։

Իր յայտարարութեան մեջ Պրայըն Մէյը նաեւ դիմած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Լաչինի միջանցքը վերաբանալու կոչով:

«Ես կը խնդրեմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն վերաբանալ Լաչինի միջանցքը եւ ապահովել ազատ տեղաշարժը, պահպանել խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու իրենց պարտաւորութիւնները, պահպանել միջազգային մարդասիրական իրաւունքով նախատեսուած իրենց պարտաւորութիւնները եւ հեշտացնել մարդասիրական օգնութեան հասանելիութիւնը», - եզրափակած է Մէյը: