Միջազգային հանրութիւնը 5,6 միլիառ եւրօ պիտի յատկացնէ Սուրիոյ եւ այն երկիրներուն, որոնք ընդունած են սուրիացի փախստականները։ Այս որոշումն ընդունուած է 15 յունիսին՝ Սուրիոյ նուիրուած ԵՄ-ի եւ ՄԱԿ-ի 7-րդ խորհրդաժողովին, որ կայացած է Պրիւքսէլի մէջ։ Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Եւրոպական յանձնաժողովի տարածած մամուլի հաղորդագրութիւնը:
Նոր յատկացումի մեծ մասը՝ 4,6 միլիառ եւրօն, պիտի յատկացուի 2023-ին, իսկ մնացած 1 միլիառը՝ 2024-ին եւ անկէ ետք։
Այդ միջոցները պիտի ուղղուին Սուրիոյ մէջ եւ սուրիացի փախստականներ ընդունած հարեւան երկիրներուն մէջ մարդոց աջակցութեան համար: 3,8 միլիառ եւրոյի չափով դրամաշնորհները պիտի յատկացուին ԵՄ-ի պիւտճէէն. 2,1 միլիառ եւրօն պիտի տրամադրէ Եւրոպական յանձնաժողովը, իսկ 1,7 միլիառ եւրօն՝ ԵՄ-ի անդամ պետութիւնները։
Բացի այդ, միջազգային ֆինանսական կառոյցները եւ նուիրատուները յայտարարած են 4 միլիառ եւրոյի վարկի տրամադրման մասին՝ դրամաշնորհներու եւ վարկի ընդհանուր գումարը հասցնելով 9.6 միլիառի:
Ըստ Եւրոպական յանձնաժողովի տեղեկատւութեան՝ 2011 թուականէն ի վեր Եւրոպական միութիւնը եւ անոր անդամ երկիրները, ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 30 միլիառ եւրօ յատկացուցած են Սուրիոյ աջակցութեան համար: