Ռուսիան 8 միլիառ տոլար պիտի ներդնէ Իրանեան կազային ծրագիրներուն մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալի, կը հաղորդէ nsn.fm-ը։
«Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագրին հիման վրայ՝ Ռուսիան նպատակ ունի 8 միլիառ տոլար ներդնել իրանեան կազային նախագիծերուն մէջ», – ըսած է Ճալալի։
Դեսպանը յստակեցուցած է, որ 5 միլիառ տոլար պիտի տրամադրուի որոշակի պարտաւորութիւններու իրականացման համար, իսկ միւս պայմանագիրներու վերաբերեալ շուտով պիտի կնքուին նոր համաձայնութիւններ։
Աւելի վաղ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Մոսկուան պատրաստ է աջակցելու Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ արդար համաձայնութեան մը ձեռքբերման համար երկխօսութեան առաջմղման։