image

«Միասնութեան թեւեր»-ը գրանցուած է որպէս կուսակցութիւն

«Միասնութեան թեւեր»-ը գրանցուած է որպէս կուսակցութիւն

«Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնն արդէն գրանցուած է եւ պիտի մասնակցի 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս մասին յայտնած են կուսակցութեան մամուլի ծառայութենէն։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ կուսակցութեան ընտրական ցուցակին մէջ պիտի ընդգրկուին «Միասնութեան թեւեր»-ու արժէքները կիսող թեկնածուներ։

«Մեր արժէքներն ու մօտեցումները յստակ են՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն, իրաւունքի գերակայութիւն, թափանցիկ պետութիւն եւ խելամիտ որոշումներ՝ պոպուլիզմի փոխարէն։

Մենք համոզուած ենք, որ բարդ խնդիրները պահանջում են մասնագիտական եւ մտածուած պատասխաններ, ոչ թէ լոզունգներ։

Այսօր, դեռեւս մինչեւ ընտրարշաւի պաշտօնական մեկնարկը, ըստ տարբեր սոցիոլոգիական տուեալների, կուսակցութիւնը վստահաբար վաղուց յաղթահարել է անցողիկ շեմը, իսկ մարդկանց վստահութիւնը շարունակում է աճել։ Այն ուժի համար, որի գլխաւոր ռեսուրսը ոչ թէ մեծ բիւջէն է կամ վարչական լծակները, այլ ճշմարտութիւնն ու արժանապատւութիւնը, սա ազնիւ եւ լաւ մեկնարկ է։

Արդարութիւնը գալիս է, միացէ՛ք մեզ․ միասին կը գտնենք խելամիտ լուծումներ մեր երկրի բոլոր խնդիրների համար»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։