Գանատայի անտառային հրդեհներէն առաջացած թանձր ծխամշուշը պատած է Նիւ Եորքը։ Այս մասին կը հաղորդէ New York Times-ը։
Ծուխը մեկափոլիս հասած է յուլիս 15-ին եւ աւելի թանձրացած՝ յուլիս 16-ի երեկոյեան։ Տեսանելիութիւնը քանի մը քիլոմեթրէն նուազած է մինչեւ քանի մը հարիւր մեթր։
IQAir մասնագիտացած կայքի տուեալներու համաձայն՝ Նիւ Եորքի օդի որակի ցուցանիշը, որ յուլիս 15-ին հասած էր 179-ի, այժմ կը կազմէ 208, որ կը նշանակէ՝ «առողջութեան համար շատ վնասակար»։
New York Times-ը նշած է, որ օդի որակի նման ցուցանիշը կրնայ ազդել առողջական խնդիրներ ունեցող անձերու, երեխաներու եւ յղի կիներուն վրայ։
Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանին քաղաքի բնակիչներուն կոչ ըրած է տունէն դուրս չելլելու, սահմանափակելու բացօթեայ գործունէութիւնը եւ առողջութեան հետ կապուած անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցառումները ձեռնարկելու։
Գանատայի իշխանութիւններու տուեալներով՝ երկրի տարածքին արձանագրուած է 800-է աւելի անտառային հրդեհ, որոնցմէ մօտ 100-ը տակաւին չեն յաջողած վերահսկողութեան տակ առնել։