image
Հրատապ լուրեր:

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (35)

Միասնաբար փրկենք  հայերէնը (35)
  1. Ոչ միայն... այլեւ (= այլ նաեւ)

Յօդուածագիր մը՝ Մարիա Սադոյեան, իր մէկ յօդուածին տուած է հետեւեալ խորաագիրը.

--«Մօտ է ոչ միայն խաղաղութեան, այլեւ նոր պատերազմի ուրուականը: Յօդուածի աւարտին նշուած է, թէ ան «թարգմանութիւն է եւ  կը հրատարա-կուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ»:

Յօդուածին բովանդակութեան մասին չէ որ պիտի խօսիմ, այլ անոր... խորագիրի քերականական կառոյցին. աւելի ճիշդը՝ ոչ միայն...այլեւ շաղկապին: 

Ոչ միայն… այլեւ  մաս կը կազմէ խումբին համադասական այն շաղկապներուն, որոնք  կը կոչուին «միաւորիչ-յաւելական»:

Միաւորիչ-յաւելական շաղկապներու տիպարն է եւ/ու-ն.  

Այսպէս՝ հոմանիշ են՝

--Ան հաց եւ/ու պանիր կերաւ:

--Ան ոչ միայն հաց, այլեւ պանիր կերաւ:

Ասոնք, ուրեմն, նշանակութեամբ նոյնն են, կը հաստատեն  ան ենթակային կերած երկու  առարկաները՝ հաց, պանիր:

Այս շաղկապուող բառերը միշտ կ’ընտրուին այնպէս մը, որ իրարու հետ ներդաշնակ եւ համատեղելի ըլլան. իրապէս ալ հացն ու պանիրը հաւասարապէս կը ծառայեն ուտողը յագեցնելու եւ զայն սնուցելու:

Նաեւ՝ 

--Ոչ միայն ծառերը ծաղկեցան, այլեւ ծիծեռնակները վերադարձան:

--Ոչ միայն  յաջողեցաւ, այլեւ մրցանակ ստացաւ:

Սադոյեանի խորագիրը չի լրացներ այս պայմանը. ան շաղկապած   երկու հակասական  հասկացութիւնններ՝ պատերազմ եւ խաղաղութիւն, որոնք  անհա-մատեղելի են, իրարու հականիշ են: Ասոնք չեն կրնար միաժամանակ ու միատեղ գտնուիլ եւ գումարուիլ, համադասուիլ իրարու վրայ:

--Հոն ուր պատերազմ կայ, բացակայ է խաղաղաութիւնը,

--Իսկ հոն ուր խաղաղութիւն կայ, բացակայ է պատերազմը:

                                                         *   *   *

Նման հակասական հասկացութիւնները շաղկապելու համար ունինք «համադասական  ներհակական»  շաղկապներ, որոնք կը ծառայեն կապելու հակադիր, հականիշ  հասկացութիւններ. օրինակ՝  

--Մօտ է ոչ թէ խաղաղութեան, այլ նոր պատերազմի ուրուականը:

Ուրեմն այդ շաղկապն է՝ ոչ թէ... այլ:

--Ան ոչ թէ կը սիրէ քեզ, այլ կ’ատէ:

--Ան ոչ թէ յաջողեցաւ, այլ ամօթալի ձախողութիւն կրեց:

  1. Յստակացում եւ յստակեցում

Եթէ ուշադրութիւն դարձուցած էք, ապա պէտք է նկատած ըլլաք, որ հոն ուր արեւմտահայերս կ’ըսենք յստակացում, նոյն տեղը արեւելահայը կ’ըսէ յստակեցում: Ըստ այնմ ալ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն փոխադրուած այլազան գրութեանց մէջ ուշադիր ու գիտակ գրողը կը կատարէ անհրաժեղտ փոփոխութիւնը՝ արեւելահայուն յստակեցում-ին փոխարէն կը դնէ յստակացում:

Իսկ ուրիշներ յստակեցում-ը կը պահեն նոյնութեամբ:

Գիտցածնին այդչափ է:

Հարցում՝

Ինչո՞ւ այսպէս է, ուրկէ՞ յառաջացած է այս տարբերութիւնը:

                                                      *    *    *

Յստակ ածականը արեւմտահայերէնի մէջ տուած է յստականալ եւ յստակա-ցնել բայերը: Որոնց մեքենաբար կը հետեւի յստակացում բայանունը:

Արեեւելահայերէնը իր կարգին  յստակ ածականէն ստացած է յստականալ եւ յստակացնել: Այնպէս ալ  յստակացում բայանունը:

Ուրեմն մեր երկու բարբառները ունին նոյն յարացոյցը:

Բայց...

Բայց ահա  չես գիտեր ինչպէ՛ս, արեւելահայերէնի մէջ  յառաջացած են նաեւ  յստակել եւ  յստակեցնել բայերը, որոնք կու տան յստակեցում բայանունը:

Ուրեմն մեր մէկ հատին փոխարէն, արեւելահայը ունի երկուքը՝ 

--յստակացում    եւ յստակեցում:

Եւ ահա ասոնց երկրորդը՝ յստակեցում-ն է, որ առհասարակ կը կիրարկուի:

Ինքս որեւէ ատեն արեւելահայու մը գրիչին տակ յստակացում-ի հանդիպած չեմ: 

Ինչո՞ւ այս զատողութիւնը... չեմ գիտեր:

Եթէ գիտցող մը կայ, թող գրէ, հաճոյքով կը լուսաբանուիմ, այլեւ կ’իրազեկեմ ընթերցողներս եւս:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն:

  1. Ծխամորճ եւ ... մորճ

Իմ  տպաւորութիւնս այն է, որ գրեթէ ամէն հայ, մասնաւորաբար՝ ամէն արեւմտահայ, կը ճանչնայ ծխամորճ   բառը եւ անոր նշած առարկան: 

Ինքս մոլի ծխող մը եղած ըլլալուս՝ 10-12 հատ ունէի անկէ ու դեռ տրամադիր էի շարքը մեծ հաճոյքով երկարելու, եթէ բժիշկս խստիւ չարգիլէր ծխախոտը ընդհանրապէս:

Գոնէ ծխամորճ գործածեմ, թախանձեցի կ’ըսեն, թէ  անվնաս է...

Նոյն քա՛քն է, եղաւ անոր կտրուկ ու արգելական պատասխանը:

                                                                  *   *   *

Միւս կողմէ՝ քիչեր գիտեն, եթէ իրապէս գիտեն, թէ ան բարդ բառ մըն է, որուն  երկրորդ բաղադրիչն է մորճ:

Ամբողջ կեանքս  որեւէ անգամ չեմ կիրարկած այս բառը, ոչ ալ  լսած եմ զայն  ուրիշէն: Այսուհանդերձ ան ներկայ է բոլոր բառարաններուն մէջ:

Որքա՜ն շատ են բառարաններու մէջ  պառկող անծանօթ բառերը:

Մեր բառարանագիրները անոր կու տան հետեւեալ  մեկնաբանութիւնը.

«Մորճ դալար գաւազան, ծառի դալար ճիւղ, ոստ, շառաւիղ»:

Մրցոյթ  34.

***Կրնա՞ս  բառային հետեւեալ լղրճուկը բանական խօսքի վերածել.

---Այն զէնքերը, որ կ’ուզենք, որ Հզպալլան անոնցմէ հրաժարի, Իսրայէլի սպառնացողներն են:

---Կ’ուզենք, որ Հզպալլան  հրաժարի  Իսրայէլին սպառնացող զէնքերէն:

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին քերականական սխալն ու կրկնաբանութիւնը.

---Լիբանանը կրնայ վերստին դառնալ շրջանային կամ միջազգային  տագնապի բեմի եւ ծայրայեղականութեան ծրագիրներու  բեմի (անդ):

***Մէ՛կ բառով ըսէ ընդգծուած հատուածը:

---Իսրայէլ յանձնառու է Սուրիոյ մէջ տիւրզիները ուն պաշտպանելու:

***Բառ մը սխալ տեղադրուած է. վերադարձուր զայն իր տեղը:

---Նոյնիսկ Սուէյտայի մէջ նոյնիսկ  զինադադարէն ետք իսրայէլեան ռմբակոծումները շարունակուեցան :

***Վերաշարադասել հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոխելու.

---Արդար իշխանութիւնը կը փորձէ ի մի բերել  հակառակ կողմերը՝ լսելով անոնց իրենց մտահոգութիւնները լսելով եւ դուռ բանալով խաղաղ երկխօսութեան  դուռ բանալով:

 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Համբարձում Յարթունեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (4), Միրնա Սիւլիւքճեան (7):

 

Մրցոյթ 35.

***Սրբագրէ՛ անհամասեռութիւնն ու քերականական զոյգ սխալները:

---Պատուիրակը յորդորեց զիրար յարգելու եւ դրացիներուն հետ խաղաղութեամբ եւ բարգաւաճումով ապրելու («Ազդակ», 21/7/2025, էջ 1):

***Ո՞ր բառերը կը տեղափոխես:

---«Սուրիական պետութիւնը միայն կարող է սուրիական բոլոր հողերուն վրայ իր հեղինակութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանել («Ազդակ», 21/7/2025, էջ 2):

***Ի՞նչ բառով կրնաս փոխարինել հետեւեալին ընդգծուած հատուածը:

---Հզպալլան պետութիւնը նեղ եւ ոչինչ կատարելու կարող կացութեան մէջ կը դնէ («Ազդակ», 23/7/2025, էջ 2): 

***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.

---Ֆրանսա պատրաստ է Լիբանան-Սուրիա սահմանի սահմանագծման  աջակցութիւն տրամադրելու («Ազդակ», 26/7/2025, էջ 2):

***Փորձէ՛ կիրթ հայերէնով ըսել հետեւեալը.

---Երկխօսութիւնը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին լուրջ ընթացք կը ստանայ («Ազդակ»,  30/4/2025,  էջ 2):


Արմենակ Եղիայեան 
 armenag@gmail.com