Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ծրագրած է հանդիպում ունենալ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններ վարել միջուկային զինաթափման շուրջ։ Թրամփ այս մասին յայտարարած է լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ Թեքսասի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն վերադառնալէ ետք։
Զրոյցին տեսանիւթը հրապարակած է Magno News-ը։
«Մենք արդէն ծրագրած ենք հանդիպում ունենալ Չինաստանի նախագահ Շիին հետ, եւ հանդիպում նշանակուած է միջուկային զինաթափման շուրջ բանակցելու համար։ Որքան ես կը հասկնամ, այս հարցը շատ կարեւոր է, թերեւս՝ ամէնէն կարեւորը։ Մենք կը խօսինք տարբեր երկիրներու միջուկազերծման մասին»,– յայտարարած է ան «Էնտրիւզ» միացեալ ռազմակայանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին։
Նոյեմբեր 18-19-ին Չինաստանի մէջ պիտի կայանայ Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթնաժողովը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը։ Գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս հաւանական կը նկատուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու միջեւ եռակողմ հանդիպում։