Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ արտագաղթողներու նախարար Ասաատ Հասան Շայպանին եւ Յորդանանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց եւ արտագաղթի հարցերու նախարար Այման Սաֆատին հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին համաձայնած են ստեղծել անվտանգութեան համատեղ կոմիտէ՝ պարզելու համար Յորդանանի կողմէ Սուրիոյ տարածքին օդային հարուածներու բոլոր մանրամասնութիւններն ու հանգամանքները, ինչպէս նաեւ մշակելու ահաբեկչական սպառնալիքներուն դիմակայելու մեքենականութիւն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ սուրիական SANA գործակալութիւնը։
Կողմերը վերահաստատած են երկու եղբայրական երկիրներն ու ժողովուրդները միաւորող պատմական եղբայրական կապերու խորութիւնը եւ զանոնք տարբեր ոլորտներու մէջ ամրապնդելու ու զարգացնելու ընդհանուր ձգտումը։
Սաֆատի ընդգծած է Յորդանանի լիակատար յարգանքը Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, անվտանգութեան, կայունութեան եւ քաղաքացիներու ապահովութեան նկատմամբ։
Նախարարները քննարկած են Յորդանանի զինուած ուժերու կողմէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կառոյցներու դէմ կատարուած ռմբակոծումներուն հետեւանքները։ Սաֆատիի համաձայն՝ գործողութիւնները հիմնուած եղած են հաւաքուած հետախուզական տեղեկութիւններու վրայ եւ նպատակ ունեցած են չէզոքացնել Յորդանանի անվտանգութեան սպառնացող վտանգներն ու ահաբեկչական յարձակումները։ Ան խոր ցաւ եւ ափսոսանք յայտնած է գործողութիւններու ընթացքին Սուրիոյ մէջ անմեղ խաղաղ բնակիչներու զոհուելուն համար։
Երկու նախարարներն ալ ընդգծած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու ուղղութեամբ իրենց համատեղ ջանքերուն կարեւորութիւնը։
Աւելի վաղ Սուրիա դատապարտած էր իր տարածքին մէջ յորդանանեան ուժերու կողմէ, առանց նախնական համաձայնութեան, կատարուած ռազմական գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով զոհուած էր եօթը խաղաղ բնակիչ, ներառեալ՝ երեք երեխայ եւ կին, իսկ երեք ուրիշներ վիրաւորուած էին։
Հոկտեմբեր 26-ին Յորդանանի թագաւորական ռազմաօդային ուժերը յայտարարած են Սուրիոյ հարաւը ծայրայեղական խմբաւորումներու պատկանող թիրախներու ուղղուած հարուածներու մասին։ Այդ գործողութիւնները կատարուած էին այն բանէ ետք, երբ պարզուած էր, որ խմբաւորումները կապ ունէին Յորդանանի Քարաք նահանգի Համուտ գիւղի եկեղեցւոյ վրայ յարձակում գործած ահաբեկիչներուն հետ։
Հոկտեմբեր 23-ին, յուղարկաւորութեան արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով, զոհուած էր ինը մարդ, իսկ 34 ուրիշներ վիրաւորուած էին։