image

ԱԺ-ն վաւերացուցած է TRIPP-ի վերաբերեալ համաձայնագիրը

ԱԺ-ն վաւերացուցած է TRIPP-ի վերաբերեալ համաձայնագիրը

Ազգային ժողովը 63 կողմ, 32 դէմ եւ 0 ձեռնպահ ձայներով համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած «Թրամփի ուղի» (TRIPP) ռազմավարական ենթակառուցուածքային եւ տարանցիկ համաձայնագիրի վաւերացման։

TRIPP ծրագիրը պիտի ներկայացուի ՀՀ նախագահին՝ վաւերացման եւ ստորագրման համար։

Այս համաձայնագիրը ուղղուած է Հայաստանի տարածքով, մասնաւորաբար՝ Սիւնիքով, բազմատեսակ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, որ նաեւ Ատրպէյճանին առեւտրային ելք պիտի ապահովէ դէպի Նախիջեւան։

 

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին եօթը կէտէ բաղկացած համատեղ հռչակագիր, որով կը նախատեսուի Հայաստանի հարաւային հատուածով՝ Սիւնիքի մարզով, ռազմավարական տարանցիկ ուղի ստեղծել։ Այն պիտի կոչուի «Թրամփի ուղի» (TRIPP) եւ Ատրպէյճանին առեւտրային ելք պիտի ապահովէ դէպի Նախիջեւան։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովն ալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարներու ներկայութեամբ նախաստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրը։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 11-ին յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամերիկեան կողմին 99 տարուան հողի վարձակալութեան իրաւունք չի տար, այլ՝ կառուցապատման իրաւունք։

2026 թուականի Յունուար 14-ին հրապարակուեցաւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» ծրագրի (TRIPP) իրականացման շրջանակը։

Սահմանադրական դատարանն արդէն հաստատած է, որ այս համաձայնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հակասող դրոյթներ չի պարունակեր։

Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուելէ ետք՝ TRIPP ծրագիրը պիտի ներկայացուի ՀՀ նախագահին՝ վաւերացման եւ ստորագրման համար։ Քանի որ TRIPP-ը երկկողմ համաձայնագիր է, այն ուժի մէջ պիտի մտնէ այն օրը, երբ կողմերը ստանան ներպետական ընթացակարգերու աւարտի մասին վերջին գրաւոր ծանուցումը։