Քաթարցի միջնորդները Իրանին ներկայացուցած են համաձայնագիրի նոր նախագիծ, որու նպատակն է մեղմացնել տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի հետ լարուածութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։
Նշուած է, որ փաստաթուղթը փոխանցուած է Հոկտեմբեր 25-ին, եւ այժմ Թեհրան կ՚ուսումնասիրէ առաջարկը։ Համաձայնագիրի նախագիծը կը նախատեսէ եօթնօրեայ գործողութիւններու ծրագիր, որ կը սահմանէ այն քայլերը, զորս ԱՄՆ-ն եւ Իրանը պէտք է ձեռնարկեն՝ վստահութիւնը ամրապնդելու նպատակով։
Reuters-ի հաղորդմամբ՝ կ՚ակնկալուի, որ Իրանը իր պատասխանը պիտի տայ մինչեւ շաբաթավերջ։
Աղբիւրին համաձայն՝ ծրագիրը կը նախատեսէ, որ քանի մը երկիր հանդէս գայ որպէս համաձայնագիրի երաշխաւոր։