Հայաստան մտադիր չէ փոխելու իր վերաբերմունքը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նկատմամբ եւ չի տեսներ այդ կառոյցին վերադառնալու կարելիութիւնը։ Այս մասին Հոկտեմբեր 28-ին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ արձագանգելով ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի հնարաւոր դուրս գալուն եւ անդամավճարները չվճարելուն վերաբերեալ կառոյցի նախկին ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւններուն։
«Մենք վաղուց ի վեր մեր մասնակցութիւնն այդ կառոյցի աշխատանքներին դադարեցրել ենք, մեր անդամակցութիւնը եւ անդամութիւնը սառեցրել ենք։ Եթէ այդ կառոյցի միւս անդամները կամ գլխաւոր քարտուղարութիւնը ինչ-որ մեկնաբանութիւններ են անում, ի զուր։ Մենք մեր վերաբերմունքը չենք փոխելու եւ մեր վերադարձն էլ ՀԱՊԿ չենք տեսնում»,– ըսած է Միրզոյեան։
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա յայտարարած էր, որ Հայաստանը պէտք է հեռացնել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն, քանի որ ան չի մասնակցիր կառոյցի աշխատանքներուն, բայց միեւնոյն ժամանակ անոր հետ պէտք է համաձայնեցուին բոլոր որոշումները։