Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Արթուր Բաղդասարեանի եւ անոր հետ փոխկապակցուած եօթը անձերու պատկանող շուրջ ութ անշարժ եւ 1020 շարժական գոյքերու, փոխադրամիջոցի, ինչպէս նաեւ տարբեր ընկերութիւններու նկատմամբ ունեցած՝ ընդհանուր շուրջ 157 միլիոն դրամի չափով դրամական պահանջի իրաւունքի վրայ արգելանք դրուած է։ Այս մասին յայտնած են Հարկադիր կատարումն ապահովող ծառայութենէն։
Արգելք դրուած է նաեւ պարտապանի հետ փոխկապակցուած երեք ընկերութիւններու 100-տոկոսանոց բաժնեմասերու եւ այլ ընկերութեան մը 5-տոկոսանոց բաժնեմասի տնօրինման հետ կապուած գործողութիւններուն վրայ։
Կատարողական գործողութիւններու շրջածիրէն ներս Հարկադիր կատարումն ապահովող ծառայութեան աշխատակիցները զննած եւ պահպանութեան յանձնած են «Ֆելինգեր» ընկերութեան պատկանող՝ Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող պանդոկային, առողջարանային եւ հիւրընկալութեան համալիրը։
Զննուած եւ պահպանութեան յանձնուած է նաեւ «Սքայվիւ» ընկերութեան պատկանող՝ Հերացի փողոցին վրայ գտնուող կիսակառոյց բազմաբնակարան շէնքը։
Հարկադիր կատարումն ապահովող ծառայութեան հաղորդմամբ՝ արգելք դրուած է այդ ընկերութիւններուն պատկանող անշարժ եւ շարժական գոյքերու տնօրինման հետ կապուած գործողութիւններուն վրայ։
Դատական իշխանութեան պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ «Ֆելինգեր» եւ «Սքայվիւ» ընկերութիւնները, որպէս երրորդ անձեր, ներգրաւուած են Ազգային ժողովի նախկին նախագահ եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի ու անոր հետ փոխկապակցուած անձերու՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման դատական գործին մէջ։
Գլխաւոր դատախազութիւնը 2024-ի Նոյեմբերին հայց ներկայացուցած էր Հակափտածութեան դատարան՝ պահանջելով բռնագանձել, ըստ հայցին, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքը։ Գործով պատասխանողներն են Արթուր Բաղդասարեան, Աննա եւ Վահան Բաղդասարեանները, ինչպէս նաեւ Վարուժան Բոլորչեան։
Գործին մէջ, որպէս երրորդ անձեր, ներգրաւուած են վեց ընկերութիւններ՝ «Գավեքս Գրուպ», «Հայասի Գրուպ», «Բ.Ա.Ս.Խ», «Ֆելինգեր», «Եվրոլայն» եւ «Սքայվիւ»։
2026-ի Յուլիս 20-ի դատական նիստին Արթուր Բաղդասարեանի ներկայացուցիչները վիճարկած էին դատախազութեան հաշուարկները՝ պնդելով, որ անոնց մէջ նկատի չեն առնուած Բաղդասարեանի օրինական եկամուտներուն մէկ մասը, ինչպէս նաեւ ընկերութիւններու ֆինանսաւորման կարգ մը աղբիւրներ։
Դատախազութեան ներկայացուցիչն ալ իր կարգին պնդած էր, որ Բաղդասարեանի կողմէ ընկերութիւններէն մէկուն տրամադրուած կարգ մը փոխառութիւնները հիմնաւորուած չեն օրինական եկամուտներով, իսկ որոշ գոյքերու ձեռքբերման օրինականութիւնը լիովին ապացուցուած չէ։