«Բոլորին կոչ ենք անում վաղ առաւօտից միանալ մեր պայքարին, որպէսզի համատեղ ուժերով քշենք այս իշխանութեանը եւ միասին կառուցենք մեր երազանքի հայրենիքը»,- դիմատետրեան ուղիղ եթերով ըսած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը: Առաւել վաղ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ-ն յայտարարութիւնն տարածած էր, որուն մէջ բարձրաստիճան զինուորականները կը պահանջէին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, իսկ Փաշինեանն այդ քայլը «ռազմական յեղաշրջման» փորձ որակած էր ու իր կողմնակիցներուն կոչ ըրած էր հաւաքուելու Հանրապետութեան հրապարակ։ Ընդդիմութիւնը, Ազատութեան հրապարակին մէջ կայացած հանրահաւաքէն ետք, քայլերթով հասաւ Բաղրամեան պողոտայ, բողոքի արշաւը շարունակեց ԱԺ-ի մօտ, որմէ ետք յայտարարեց, որ վրաններ պիտի տեղադրէ եւ պիտի գիշերէ Բաղրամեան պողոտային վրայ: