image

Մետվետեւ. 2024-ին ԱՄՆ նախագահ կրնայ դառնալ Իլոն Մասքը

Մետվետեւ.  2024-ին  ԱՄՆ նախագահ կրնայ դառնալ Իլոն Մասքը

ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայանան 2024-ին, կրնայ յաղթել մեծ հեղինակութիւն ունեցող անձը, ինչպիսին ամերիկացի միլիառատէր եւ ձեռնարկատէր Իլոն Մասքն է: Նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը «Գիտելիք» մարաթոնին ելոյթի ժամանակ, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։

Ինչպէս նշած է ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը, այս պահուն շատերը կը խօսին այն մասին, որ Իլոն Մասքը կրնայ դառնալ «նոր ԱՄՆ-ի նոր դէմքը»։

Անոր կարծիքով՝ նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ կրնայ յաղթել նախկին ղեկավար Տանըալտ Թրամփէն կամ ԱՄՆ ներկայիս նախագահ Ճօ Պայտընէն աւելի մեծ հեղինակութիւն ունեցող մէկը, օրինակ՝ «նոյն յայտնի Իլոն Մասքը»։

Մետվետեւ կը կարծէ, որ Մասքի յաղթանակը ընտրութիւններուն հետաքրքիր զարգացում կ'ըլլար։