image

Մեծ Յոյս Ունիմ, Որ 6 Դեկտեմբերի Հանրաքուէն Չեղեալ Կը Համարուի. Թորոս Սէֆիլեան

Մեծ Յոյս Ունիմ, Որ   6 Դեկտեմբերի Հանրաքուէն Չեղեալ Կը  Համարուի. Թորոս Սէֆիլեան

«3 Դեկտեմբերէն ետք  ես վստահ եմ, որ քաղաքական այլ ուժեր պիտի միանան «Նոր Հայաստան» նախաձեռնութեան»,-  «Արեւելք»ին ըսաւ  Թորոս Սէֆիլեան:  Սէֆիլեան   նաեւ  յայտնեց, որ  մեծ յոյս ունի,  որ     նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի ստիպուի չեղեալ համարել    որոշուած հանրաքուէն:  Ըստ Սէֆիլեանի երէկ տեղի ունեցած   հաւաք- երթը  ամիսներու պատրաստութեան արդիւնք է  եւ  հաւաքը  յաջողած կարելի է համարել հակառակ իշխանութիւններուն կողմէ յարուցուած  տարբեր տեսակի  դժուարութիւններուն:  Սէֆիլեան նաեւ  ըսաւ, որ  հայրենի ոստիկանութիւնը  կը կատարէ   իշխանութիւններուն թելադրանքը առանց ըմբռնելու, որ պէտք է իր ժողովուրդի կողքին ըլլայ: Սէֆիլեան  նշեց, որ հայրենի ժողովուրդը իմաստուն է եւ  լաւ գիտէ,   թէ գետնի վրայ ինչ կը կատարուի: Անոր կարծիքով  իշխանութիւնները տարբեր մեկնաբանութիւններ պիտի տան երէկ կատարուածին:  Թորոս Սէֆիլեան ըսաւ, որ   այսօրուան դրութեամբ  քաղաքական ընդհանուր   օրակարգին  մէջ   բոլոր հնարաւորութիւնները կան, որպէսզի   ընդդիմութեան այս ճակատը    յաջողի  իր նպատակին հասնիլ   վստահեցնելով, որ առանց ժողովուրդի նեցուկին  ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրնայ   նոր կացութիւն ստեղծել երկրին մէջ:  «Կը  հաւատամ, որ   յառաջիկայ օրերուն    «Նոր Հայսատան» ճակատը աւելիով պիտի  ուռճանայ հակառակ բոլոր  ծանր պայմաններուն» ըսաւ Սէֆիլեան  նշելով, որ  մինչեւ   3 Դեկտեմբեր շատ հաւանական  է,  որ ընդդիմադիր այլ ուժեր, ինչպիսին են  Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ստեփան Տէմիրճեան,  միանան այս շարժումին  հաւաստելով, որ  «Նոր Հայաստան»ի եւ  ըննդիմադիր  այլ  ուժերուն հետ  խօսակցութիւնները երբեք չեն դադրած: Ան     նշեց, որ  «Նոր Հայաստան»ը       իր տրամադրութեան տակ չունի  լրատուական  միջոցներ եւ  երէկ տեղի ունեցած հաւաքին  իրազեկումը    կատարուած է    այս շտապի  նօսր  միչոցներով  երթալով մինչեւ Հայաստանի հեռաւոր շրջանները:     Սէֆիլեան նաեւ յիշեցուց, որ անցնող  3 տարուան ընթացքին տեղի ունեցած խմորբւմներէն ետք  համախմբումի այս առիթը  շատ աւելի մեծ  ներուժ ունի   յաջողելու եւ  հասնելու իր վերջնական նպատակին,   որն է ՝ իշխանափոխութիւնը:  Ըստ անոր  յառաջիկայ  օրերուն  ՀԱԿ-ը եւս աւելի    մեծ մասշտաբով պիտի մասնակցի      իրենց նախաձեռնութեան:        Հայրենի ժողովուրդին սթափելու կոչ ընելով Սէֆիլեան դիտել տալով, որ     «Նոր Հայաստան» ճակատը  իր  առողջ    առաջնորդներով  վճռած է  մինչեւ վերջ երթալ:  Խօսելով   «Հայկական վերածնունդ»  նախաձեռնութեան  «Նոր Հայաստան»ի  նեցուկ կանգնելուն  մասին   գործընթացներուն մասին  Սէֆիլեան ըսաւ, որ իրենք, որպէս  «Վերածնունդ» նախաձեռնութեան    պատասխանատուներ վճռած են  բոլոր կարելի միջոցներով   նեցուկ կանգնիլ  «Նոր Հայաստան»ին եւ այդ  մասին արդէն հանդէս եկած են  յատուկ յայտարարութեամբ:  «Արեւելք»ի խօսակիցը  շեշտեց,  որ ամբողջ սփիւռքը  մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի գաղութները, որոնք կը գտնուին  լուրջ ճգնաժամի մէջ    նոյնպէս կը հետեւին  Հայաստանի մէջ ընթացող գործընթացներուն  եւ        կը տենչան, որ Հայասատնի մէջ իրավիճակը փոխուի: Ան նշեց, որ  այսօր  մեծագոյն ցաւը որ կ'ապրի  հայ ժողովուրդը արտագաղթն է, որուն գլխաւոր պատասխանատուն ըստ իրեն այս իշխանութիւններն են: