image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ յաջողութիւն ժամագործութեան ոլորտին մէջ. Հալէպահայ Գազանճեանները ՝ հմտութեան եւ աշխատասիրութեան օրինակ

Մեծ յաջողութիւն ժամագործութեան ոլորտին մէջ. Հալէպահայ Գազանճեանները ՝ հմտութեան եւ աշխատասիրութեան օրինակ

Գազանճեաններու ընտանիքը վառ օրինակ կը ներկայացնէ պայքարող ու յաջողակ ընտանիքներու, անոնց պատմութիւնը ձեւով մը կը պատմէ նաեւ Սուրիոյ մէջ զարգացում եւ աճ ապրող գործարարութեան մասին, եւ թէ ինչպէս նախքան պատերազմը, Սուրիան կրցած էր գերազանցել տարածաշրջանի շատ մը ուրիշ երկիրներ ժամացոյցներու արդիւնաբերութեան մէջ: 

 

Զուիցերիական ժամացոյցները համաշխարհային  տարողութեամբ գրաւած են իւրոյն տեղ իրենց բարձրորակ արտադրութեամբ, ճշգրտութեամբ, տոկունութեամբ, եւ նոյնիսկ գեղեցկութեամբ: Այս ժամացոյցները նաեւ մուտք գործած են սուրիական շուկաները շնորհիւ շարք մը հայ գործարարներու, որոնց գլխաւորներէն կը համարուի «Kazanjian Watches» ընկերութեան սեփականատէր՝ Գազանճեան ընտանիքը:

Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Սուրիա ապաստանած հայ ընտանիքներէն շատեր յաջողութիւններ արձանագրած են Սուրիոյ մէջ, տարբեր ոլորտներու մէջ, այս ընտանիքներէն մէկն է նաեւ Գազանճեան ընտանիքը, որ 1960 թուականին Հալէպ քաղաքին մէջ հիմը դրած է ժամացոյցներու ընկերութեան: Որդին՝ Յակոբ Գազանճեան երիտասարդ ժամագործը 1975-ին, ամուսնանալով իր նման ժամացոյցներու եւ մանաւանդ զուիցերիական ժամացոյցներու նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն ունեցող Այտային հետ, միասնաբար զարկ տուին ընկերութեան ու հասցուցին բարձր դիրքերու։ 

Ժամանակի ընթացքին ընտանիքը ամբողջութեամբ ներքաշուած է այս ընկերութեան գործին մէջ եւ ի արդիւնք բազմաթիւ ջանքերու ընկերութիւնը ընդլայնուած եւ մասնաճիւղեր ունեցած Սուրիոյ ողջ տարածքին: Գազանճեաններու ընտանիքը դարձած է դէպի Սուրիա զուիցերիական ժամացոյցներ ներմուծող եւ մատակարարող ամէնէն մեծ ընկերութիւնը, որուն համբաւը տարածուած է ոչ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ հարեւան երկիրներու մէջ եւ Գազանճեան ընկերութիւնը նոյնպէս հռչակ սկսած է ունենալ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Ի վերջոյ, Յակոբ ու Այտա Գազանճեանները ընկերութեան տնօրինութիւնը յանձնած են իրենց որդիներուն ու դստեր: 

Գազանճեաններու կրտսեր որդին՝ Ռաֆֆին յաջորդելով իր հօր, նոյնպէս յաջողութիւններ արձանագրած է: Ան աւելիին բաղձալով, ուզած է գործը ընդարձակել Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս, եւ ամենայարմար տեղը անշուշտ պիտի ըլլար իր հայրենիքը՝ Հայաստան: Ռաֆֆի Գազանճեան փոխադրուած է Հայաստան 5 Օգոստոս, 2009-ին եւ հիմնած ընկերութեան նոր մասնաճիւղը Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանի կեդրոնը, Մարիոթ հիւրանոցին մէջ: Հաստատութիւնը անպայման պիտի կրէր «Kazanjian Watch» անունը։

Ընտանիքի անդրանիկ զաւակը՝ փոխադրուած է Գանատա, իսկ դստերը՝ Մարալ Ֆրանսա, այնտեղ վարելու ընտանիքի ընկերութեան մասնաճիւղը: Գազանճեանները կը ձգտէին նաեւ ժամացոյցներու փոքր գործարան մը հիմնել Զուիցերիոյ մէջ: 

Ռաֆֆի Գազանճեան բացի ժամագործութենէ, նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ունի քաղաքականութեան հանդէպ: Ան կ'ըսէ թէ, «հաւանաբար ընտրէի քաղաքագիտութիւնը, որպէս կեանքի ասպարէզ, եթէ ծնած չըլլայի ժամագործութեամբ տարուած ու մասնագիտացած ընտանիքի մը մէջ»: Արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցած «արաբական գարնան» անցուդարձները դրդած են զինք, որ ան շարունակէ քաղաքագիտութեան մասնագիտութիւնը Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ, ստանալով մագիստրոսի տիտղոսը, քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: 

Ըստ Ռաֆֆիին քաղաքականութիւնն ու ժամագործութիւնը իրար չեն հակասեր: «Ակադեմիական կոչում ստանալու իմ որոշումս որեւէ կերպով չէ ազդած ժամացոյցներու հանդէպ ունեցած իմ սիրոյս վրայ, որովհետեւ ժամագործութեան հսնդէպ իմ ունեցած տարերքը արեանս մէջ կը հոսի ուսման հանդէպ հետաքրքրութեանս զուգահեռ, եւ այդ պատճառով ալ կրցայ շարունակել ու զարգացնել իմ աշխատանքը։ Ես իմ ջանքերուս շնորհիւ կրցած եմ կատարել իմ բոլոր պարտականութիւնները ճիշդ եւ յարմար պահուն: Ամէն օր կը հետեւիմ թէ՛ ժամացոյցներու ոլորտին հետ կապուած նորութիւններուն եւ թէ՛ ալ քաղաքական նորութիւններուն»:

Գազանճեաններու ընտանիքը վառ օրինակ կը ներկայացնէ պայքարող ու յաջողակ ընտանիքներու, անոնց պատմութիւնը ձեւով մը կը պատմէ նաեւ Սուրիոյ մէջ զարգացում եւ աճ ապրող գործարարութեան մասին, եւ թէ ինչպէս նախքան պատերազմը, Սուրիան կրցած էր գերազանցել տարածաշրջանի շատ մը ուրիշ երկիրներ ժամացոյցներու արդիւնաբերութեան մէջ: 

 

 Նիւթը  քաղած ենք  «Սիպա» կայքէն