Այս մահագրականը պատրաստուած է Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի վարչութեան ընկերուհիներուն կողմէ, որոնք երկար տարիներ սերտ, անկեղծ ու ազնիւ գործակցութիւն ունեցած են հանգուցեալ բժշկուհի Սիլվա Ղազարեանին հետ։ Անոնք մօտէն ճանչցած են անոր նուիրումն ու ծառայասիրութիւնը եւ իրենց այս վկայութեամբ կ՚ուզեն արժեւորել այն կեանքն ու գործը, որ ան թողուց ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքին եւ հայ ժողովուրդին։
Երբ հրաժեշտ տուինք բժշկուհի Սիլվա Ղազարեանին, մեր մտածումները եւ զգացումները մեզ ինքնաբերաբար մղեցին թղթատելու իր խաչուհիի կեանքին էջերը եւ անոնց մէջէն ուրուագծելու մարդը, խաչուհին, մայրը, գիտական միտքը, որ առիթ տուած էր իրեն մասնագիտանալու եւ պատկառելի հանգամանքով ստանձնելու ՍՕ Խաչի տարրալուծարանի պատասխանատուութիւնը, ապա՝ Դարմանատան տնօրէնութիւնը։
Որոշ ժամանակ տեղեկութիւն չունէինք իրմէ, կը կարծէինք որ լաւ է, բայց չէինք գիտեր որ իսկական մղձաւանջը յետոյ պիտի գար, երբ արդէն իմացանք որ ալ չկայ։ Յուզումով իմացանք մահուան գոյժը, փոխուեցաւ ամէն ինչ, ու ինք մեզի համար յուշ դարձաւ։
1996-ին ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը սերտողութեան նիւթ դարձուցած էր ընկերա-բժշկական կեդրոնէն ներս տարրալուծարան մը իրագործելու ծրագիրը, ապա դիմած էր գործնական քայլերու եւ յառաջացուցած տարրալուծարանի յատուկ յանձնախումբը, որ ապահովելէ ետք անհրաժեշտ կազմածները, որպէս տարրալուծարանի պատասխանատու հրաւիրած էր այդ ծիրէն ներս մասնագիտացած երիտասարդ բժշկուհի Սիլվա Կիրակոսեան-Ղազարեանը։
Տարրալուծարանի պաշտօնական բացումը տեղի կ'ունենայ 7 Մայիս 2000-ին, գործակցութեամբ Հայսամ Քամալ տարրալուծարանին, փոխճանաչման առաքելութեամբ։
Սիրելի Պրն. Վահէ Ղազարեանէն ցաւով տեղեկացանք իր սիրելի կեանքի ընկերոջ կորուստը։ Վստահ ենք, որ Տիրոջ մխիթարութիւնը պիտի զօրացնէ զինք եւ թեթեւցնէ կորուստին կսկիծը։
ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքին անունով այսօր կու գանք ամոքելու Պրն. Վահէն եւ մեր վշտակցութիւնը յայտնելու իրեն, զաւակներուն եւ հարազատներուն։
Մեր տիպար ընկերուհին անաղմուկ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, իր աշխատանքը լաւագոյնս կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ։ Շնորհիւ իրեն, մեր դարմանատունը գործեց նոյնիսկ պատերազմի սարսափելի օրերուն, հաւատարիմ իր կոչումին եւ հանրօգուտ իր առաքելութեան։
Երկար տարիներ Ղազարեան նեցուկ կանգնեցաւ հիւանդին ու վիրաւորին, յատկապէս՝ երբ դարմանատուն վայրէ-վայր կը փոխադրուէր ռմբակոծումներու տարափին տակ, առանց դադրեցնելու ծառայութեան իր կոչումը։
Թէեւ սակաւախօս էր աշխատանքի պահերուն, սակայն պատրաստ էր խօսելու մեզ տագնապեցնող հարցերուն մասին, որոնք միութենական մեր ամէնօրեայ մտահոգութիւններն էին։ Լուսարձակներէ հեռու տարիներ շարունակ գործեց ազգապատկան Կիլիկիա շէնքէն ներս, ձեւաւորեց այլոց գրասենեակները, որպէս դարմանատուն համախմբեց իր բժիշկներու խմբակը եւ նոյնիսկ հայրենիքէն ժամանած մարդասիրական առաքելութեան բժիշկները, որոնց մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք։
Սիրելի՛ ընկերուհի, լայնախոհ էիր ու հանդարտ տուած որոշումներուդ մէջ։ Որպէս գործին նուիրուած տիպար օրինակ, խոնարհ ու համեստ անձնաւորութիւն էիր։ Մենք կորսնցուցինք քեզ, սակայն
կը շարունակենք վայելել կատարած գործերուդ բարի արդիւնքները։ Ներկայիս դարմանատունը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, պատրաստելով երիտասարդ մարդուժ մը, որ պիտի գործէ իբրեւ ղեկավար բժիշկ, տնօրէն թէ գործավար, թրծուելով հայաշունչ, ազգային ոգիով։
Այսօր, տարրալուծարանի ստեղծումէն 20 տարի վերջ, յետադարձ ակնարկով առիթ կը ստեղծենք յիշելու անցեալը, հիմնադրութեան պայմանները, դժուարութիւնները եւ այդ բոլորէն վերջ, խաչուհիներու հաստատ կեցուածքը կը փաստէ թէ քառասուն տարիներ առաջ կառուցուած ընկերաբժշկական կեդրոնը, ամբողջական իմատով կառոյց մըն է, որ կ'ապրի ու կը շնջէ Սիլվա Ղազարեանի նման ժառանգութիւն փոխանցող նուիրեալներու շնորհիւ։
Այսօր յուզումով կը յիշենք նուիրումդ, սիրելի՛ բժշկուհի, քանի որ սիրոյ եւ երախտագիտութեան ոգին կը թեւածէ մեր կեդրոնին վրայ։
Երկար տարիներ գործեցիր այս յարկէն ներս, հաւատարիմ մնալով խաչուհիի աւանդութիւններուն եւ թարգմանը հանդիսանալով ՀՕՄ-ի նուիրական առաքելութեան։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր պարագաներուն, խոստանալով միշտ նայիլ դէպի առաջ (իր օրինակով), ընել աւելին, ծաղկեցնել մեր միութիւնը, կատարել մեր պարտքը առաւել չափով ու աղօթել մեր կորուստներու հոգիներուն համար։