image

Մեծ հրդեհ Արարատի մարզին մէջ

Մեծ հրդեհ Արարատի մարզին մէջ

24 օգոստոսին, ժամը 11:23-ին Արարատի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Այնթապ գիւղի 13-րդ փողոցի վերջնամասը գտնուող պահեստային հատուածին մէջ հրդեհ բռնկած է։

Ներքին գործոց նախարարութիւնը մանրամասնութիւններ յայտնած է դէպքի առնչութեամբ:

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Երեւան-Մեղրի ճանապարհի թիւ 39/3 հասցէն գտնուող պենզինի լցակայանի պահեստարանը։

Կլանատակառէն տեղի ունեցած է վառելիքի արտահոսք, որ դադրեցուած է լցակայանի աշխատակիցներուն կողմէ։ Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 11։49-ին, մարած՝ 17։14-ին: Ժամը 12։35-էն 17։14-ը փրկարարներն իրականացուցած են հովացման աշխատանքներ եւ կանխած հրդեհի տարածումը դէպի կլանատակառներ։

Այրած են «KamAZ» մակնիշի ինքնաշարժի խցիկը՝ մասամբ, սանհանգոյց, ելեկտրական մալուխներ, երկու 200 լիթրնոց տարա՝ լեցուն վառելիքով, փայտէ տակդիրներ, անուադողեր, զսպանակաւոր խողովակներ, ինքնաշարժի լիցքաւորման սարք, 6 կրակմարիչ, 2 շարժակներ :