Լիբանանի մէջ գործող Արսլանեան Ճեմարանի երկու աշակերտներ (որոնք եղբայրներ են) օրերս նուաճած են Արարատ սարի գագաթը։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Ճեմարանի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին ալ կատարած է գրառում մը։
Ստորեւ՝ գրառումը
Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ Արարատի գագաթը նուաճած Ճեմարանի շրջանաւարտներուն երթը կը շարունակուի, այս անգամ միջնակարգի աշակերտներ Հարպոյեան եղբայրները իրագործեցին իրենց երազը եւ հասան գագաթ: Ստորեւ Հարպոյեան եղբայրներուն տպաւորութիւններէն մէջբերումներ.
«Հպարտ եմ այս իրագործումով, որ կեանք մը կ'արժէ եւ քայլ մը աւելի հայ կը դարձնէ»։ (Կարի Քանըր Հարպոյեան)
«Դուն մեր հպարտութիւնն ես, Արարա՛տ ջան, իսկ մենք քուկդ ենք յաւերժ։ Կենա՛ցդ, հէյ լի լայ լէ լու, Արարատ ջա՜ն»։ (Գալէ Դրօ Հարպոյեան)
«Արարատը սիրտս լեցուց անբացատրելի զգացումով մը, հայ ըլլալու, հայ ապրելու հպարտ զգացումով։ Արարատը մերն է ու մերը կը մնայ»։ (Վեհ Քրիստ Հարպոյեան)