image

Մեծ արկած Կիւմրիի ճամբուն վրայ. Կան 5 զոհեր

Մեծ արկած Կիւմրիի ճամբուն վրայ. Կան 5 զոհեր

Արագածոտնի մարզին մէջ, այսօր՝ 20 Հոկտեմբերին, ինքնաշարժի մեծ ու ողբերգական վթար տեղի ունեցած է. ժամը 07։00-ի սահմաններուն, մարդատար «Կազել» մակնիշի ինքնաշարժը Երեւան-Կիւմրի ճանապարհի 50 քմ հատուածին մէջ դէպի Երեւան ընթացած ժամանակ դուրս եկած է ճանպարհի երթեւեկելի գօտիէն, բախած է քարերուն ու Հիւսիս-Հարաւ նոր կառուցուող ճանապարհին տեղադրուած պեթոնէ արգելապատնէշներուն, քանի մը պտոյտ գլորուած եւ յայտնուած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն դուրս։

Վթարին հետեւանքով 5 հոգի տեղւոյն վրայ մահացած են, 12 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են բժշկական կեդրոններ։