Քաղաքական գործընթացները ինչպէս որ ալ դասաւորուին, Կիւմրիի ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Փարաքարի մէջ ընդդիմադիր մէկ այլ դաշինքի մը յաղթանակը, եկան փաստելու, որ ընտրութիւնները կեղծելու ժամանակները անցած են ու ժողովուրդը դարձած է իր քուէին տէրը, առանց ճնշումներու ու պարտադրանքի։ Նախկին ռեժիմի օրօք, ոչ մէկ մեծ ու փոքր քաղաքի եւ կամ գիւղի մը մէջ ընդդիմադիր թեկնածուները չէին կրնար հասնիլ յաջողութեան։ Անոնք նոյնիսկ ընտրութիւններուն մասնակցելու առիթը չէին ունենար։ Ներկայ իշխանութիւնները՝ հաւատարիմ իրենց խոստումին, կ՛ապահովեն ազատ ու արդար ընտրութիւններու կայացումը՝ ամրապնդելով ժողովրդավարութեան սկզբունքները, որոնցմէ կարեւորագոյնը ընտրական գործընթացներու թափանցիկութիւնն է։ Այս իմաստով կրնանք գոհունակութեամբ արձանագրել, որ այս ընտրութիւնները յաղթանակ էին ժողովուրդի ազատ ընտրելու իրաւունքին ու կը մաղթենք, որ նախկին արատաւոր երեւոյթները դարձեալ չեն յայտնուիր Հայաստանի քաղաքական մշակոյթէն ներս ու տեղի ունեցած փոփոխութիւնները կը դառնան մնայուն։
Կիրակի, Մարտ 30-ին, Հայաստանի երկու քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքներով յաղթական դուրս եկան ընդդիմադիր շարք մը թեկնածուներ։
Բոլոր քաղաքական ուժերու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին՝ Կիւմրիի աւագանիի ընտրութիւններուն վրայ։ Արմատական ընդդիմադրութեան երկու ղեկավարները՝ Ռոպէրթ Քոչարաեանը ու Սերժ Սարգսեանը իրենց դիմագիծով չէին մասնակցեր այս ընտրութիւններուն։ Փոխարէնը անոնք պահուըտած էին այլ կուսակցութիւններու եւ կամ դաշինքներու անունով հանդէս եկող թեկնածուներու ետին։ Այդ թեկնածուները օգտագործելով իրենց տեղական կապերը կարողացան ապահովել բաւական ձայներ, սակայն իշխող՝ Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութիւն իր ստացած 36 տոկոս ձայներով գրաւեց առաջին տեղը։
Մասնակից ուժերէն որեւէ մէկը առայժմ չունի աւագանիի անդամներու մեծամասնութիւնը՝ կարողանալ ընտրելու համար Կիւմրիի յաջորդ քաղաքապետը։ Այդ ընելու համար պէտք է տարբեր ուժերու միջեւ գոյանայ համախոհութիւն։ Աւելի հաւանական է, որ ընդդիմադրութիւնը ներկայացող չորս ուժերը համաձայնութեան գալով իրենց մէջէն մէկը ընտրեն քաղաքապետ։ Սակայն կը թուի, որ ընդդիմադիր չորս թեկնածուներուն միջեւ կան հակասութիւններ ու անցեալէն եկած ընտանեկան հարցեր ու նոյնիսկ սպանութիւն ու թշնամանք։ Այս հանգամանքները կրնան խանգարող դեր՝ հանդիսանալ։ Այդ տարաձայնութիւնները կրնան շարունակուիլ ու կողմերէն ոեւէ մէկը չկարողանայ մեծամասնութիւն կազմել։ Այդ պարագային պէտք է կայանան նոր ընտրութիւններ։
2026-ի Մայիսին տեղի ունենալիք Ազգային Ժողովի ընտրութիւններէն տարի մը առաջ, Կիւմրին դարձաւ փորձադաշտ՝ հակամարտող ուժերուն համար։ Ընդդիմադրութիւնը կրնայ ըսել, որ իրենք յոյս ունին վերադառնալու իշխանութեան։ Միւս կողմէ իշխանականները կրնան մատնացոյց ընել, որ իրենք կը մնան ամենէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող Կուսակցութիւնը եւ թէ Նիկոլ Փաշինեանի վարկանիշի անկումին շուրջ եղած կանխատեսումները չափազանցուած են։ Երկու կողմն ալ կրնայ յաղթանակի դրօշ պարզել, սակայն կարելի չէ Կիւմրիի ընտրութիւններու արդիւնքներով նախատեսել համապետական ընտրութիւններու ելքը, քանի որ տեղական ընտրութիւնները միշտ ալ կ՛ունենան իրենց առանձնայատկութիւնները, որոնք չեն տարածուիր ամբողջ Հայաստանի վրայ։
Քաղաքական գործընթացները ինչպէս որ ալ դասաւորուին, Կիւմրիի ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Փարաքարի մէջ ընդդիմադիր մէկ այլ դաշինքի մը յաղթանակը, եկան փաստելու, որ ընտրութիւնները կեղծելու ժամանակները անցած են ու ժողովուրդը դարձած է իր քուէին տէրը, առանց ճնշումներու ու պարտադրանքի։ Նախկին ռեժիմի օրօք, ոչ մէկ մեծ ու փոքր քաղաքի եւ կամ գիւղի մը մէջ ընդդիմադիր թեկնածուները չէին կրնար հասնիլ յաջողութեան։ Անոնք նոյնիսկ ընտրութիւններուն մասնակցելու առիթը չէին ունենար։ Ներկայ իշխանութիւնները՝ հաւատարիմ իրենց խոստումին, կ՛ապահովեն ազատ ու արդար ընտրութիւններու կայացումը՝ ամրապնդելով ժողովրդավարութեան սկզբունքները, որոնցմէ կարեւորագոյնը ընտրական գործընթացներու թափանցիկութիւնն է։ Այս իմաստով կրնանք գոհունակութեամբ արձանագրել, որ այս ընտրութիւնները յաղթանակ էին ժողովուրդի ազատ ընտրելու իրաւունքին ու կը մաղթենք, որ նախկին արատաւոր երեւոյթները դարձեալ չեն յայտնուիր Հայաստանի քաղաքական մշակոյթէն ներս ու տեղի ունեցած փոփոխութիւնները կը դառնան մնայուն։
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»