Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր հիմնադրութան 85-ամեակին պատմական յաջողութիւն արձանագրեց Լիբանանի Բ. Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն։
Պետական քննութիւններուն յաջողեցան ներկայացած 38 աշակերտներէն 37-ը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ վարժարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութենէն։
Հիմնադրութեան 85-ամեակի տարեշրջանի փակման հաղորդագրութիւնը ստորեւ՝
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր հիմնադրութան 85-ամեակին պատմական յաջողութիւն արձանագրեց Լիբանանի Բ. Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն, արժանաւորապէս փակելով 2023-2024 կրթական տարեշրջանը, որ ականատեսը եղաւ բազում իրագործումներու, վարժարանի հիմնադրութեան տօնակատարութեանց առթած նոր յոյսերու մթնոլորտին մէջ:
Պետական քննութիւններուն յաջողեցան ներկայացած 38 աշակերտներէն 37-ը: Անոնցմէ 13-ը յաջողեցան յիշատակութեամբ. վեցը՝ «շատ լաւ», եօթնը՝ «լաւ»: Հինգ աշակերտներ համապատասխան ճիւղին մէջ տեղ գրաւեցին Լեռնալիբանանի լաւագոյն տասնեակին մէջ, որոնցմէ երկուքը հանդիսացան առաջին եւ երկրորդ: Նոյն երկուքը տեղ գրաւեցին նաեւ ամբողջ Լիբանանի լաւագոյն տասնեակին մէջ (4-րդ եւ 6-րդ):
Կենսաբանութեան եւ Ընդհանուր գիտութեանց ճիւղերուն մէջ յաջողութիւնը կատարեալ էր՝ 100%, Գրականութեան ճիւղին մէջ՝ 93.75%: Յաջողութեան ընդհանուր համեմատութիւնը կազմեց 97.40%:
Յիշատակութեամբ յաջողութիւն արձանագրեցին աշակերտներ Ճեսիքա Պասիլ, Սելինա Վարդիվառ, Վանա Սէֆէրեան, Մարք Կիւլկիւլեան, Քաթրին Թորոսեան եւ Ճորճ Մարի («շատ լաւ»), Անժելինա Ճըրթիտեան, Էլի Ապպուտ, Ռիթա Իսահակեան, Վանեսա Մանաքեան, Ճորճ Կէօզիւկիւչիւքեան, Ռաֆֆի Ասուատ եւ Ալեքսանտր Կորիւն Սէրմանուկեան («լաւ»)
Լեռնալիբանանի մէջ Գրականութեան ճիւղի լաւագոյն տասնեակին մէջ տեղ գրաւեցին Ճեսիքա Պասիլ՝ առաջին, Սելինա Վարդիվառ՝ երկրորդ, Էլի Ապպուտ՝ ութերորդ, Անճելինա Ճըրթիտեան եւ Ռիթա Իսահակեան՝ տասներորդ: Ճեսիքա եւ Սելինա հանդիսացան յաջորդաբար չորրորդ եւ վեցերորդ՝ ամբողջ Լիբանանի մակարդակին վրայ:
Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը մեծագոյն ուրախութիւն կ՛արտայայտէ Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն մէջ աշակերտներու արձանագրած այս աննախընթաց յաջողութեան համար, կը շնորհաւորէ բոլորը՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ, կը խնդակցի ծնողներուն եւ մեծապէս կը գնահատէ վարժարանի ուսուցչական կազմին աշխատանքը այս իրագործումին մէջ իր տարիներու ներդրումին համար: