image

Մեսրոպեանի աշակերտները գերազանց արդիւնքներ գրանցեցին

Մեսրոպեանի աշակերտները գերազանց  արդիւնքներ  գրանցեցին

Պէյրութի Հայ  Կաթողիկէ  Վարժարանը  եւ հակառակ երկրին մէջ տիրող տագնապալի վիճակներուն, անխախտ  հաւատքով կը շարունակէ իր երթը։

 Օրերս  վարժարանի աշակերտներ  գերազանց  արդիւնքներ գրանցած են «Տէլֆ»ի քննութեանց եւ այդ մասին կը  տեղեկանանք  վարժարանին կողմէ  «Արեւելք»ին յղուած հաղորդագրութիւնէն։

Մարտ 22-23-ին տեղի ունեցաւ DELF Junior վկայականներու յանձնումը Մեսրոպեանի այն աշակերտներուն, որոնք քննութիւններուն մասնակցած էին 2022 թուականի Մայիսին: Մեր աշակերտները քննութիւնները յանձնեցին բացառիկ յաջող արդիւնքներով:

DELF-ի պաշտօնական վկայականները կը տրուին Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ:

DELF-ի քննութիւններուն մեր աշակերտներու փայլուն յաջողութիւնները կը վկայեն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման որակին մասին: Ծրագիրին վրայ հիմնուած ուսուցումը մեծ ազդեցութիւն ունի անոնց համալսարական ուսման եւ ապագայի գործի ասպարէզին վրայ. օրինակ, DELF B2 Junior-ը աշակերտները կը պատրաստէ լեզուի քննութիւններու, ընդունուելու համար ֆրանսախօս համալսարաններ:

 

Վկայականներու յանձնման ատեն Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցիչներուն, որոնց ջանքերը կ՛արդիւնաւորուին ի տես բոլորին: