image

Երեւանի օդի որակը․ Կեդրոնի եւ Արաբկիրի մէջ ամբողջ շաբաթ փոշիի գերազանցում արձանագրուած է

Երեւանի օդի որակը․ Կեդրոնի եւ Արաբկիրի մէջ ամբողջ շաբաթ փոշիի գերազանցում արձանագրուած է

 

Հիդրոօդերեւութաբանութեան եւ վերահսկողութեան կեդրոնը ներկայացուցած է Երեւանի մէջ մթնոլորտային օդի որակը օգոստոս 5-11-ը։

Փոշիի պարունակութիւնը գերազանցած է սահմանային թոյլատրելի խտութիւնը․

  • Կեդրոնին մէջ՝ ամբողջ շաբաթ,
  • Արաբկիրի մէջ՝ ամբողջ շաբաթ,
  • Շենգաւիթի մէջ՝ օգոստոս 5-6-ը եւ 9-ին,
  • Նոր Նորքի մէջ՝ օգոստոս 5-ին։

Ազոթի երկօքսիտի պարունակութիւնը գերազանցած է սահմանային թոյլատրելի խտութիւնը․

  • Կեդրոնին մէջ՝ օգոստոս 5-6-ը եւ 8-9-ը,
  • Նոր Նորքի մէջ՝ գրեթէ ամբողջ շաբաթ,
  • Արաբկիրի եւ Շենգաւիթի մէջ չեն գերազանցած։

Ծծումբի երկօքսիտի պարունակութիւնը չէ գերազանցած սահմանային թոյլատրելի խտութիւնը։