Մեր գաւառի համն ու հոտը՝ «Գաֆէ Կարո»ն

 Մեր գաւառի համն ու հոտը՝ «Գաֆէ Կարո»ն

  Այս բոլորը «Գաֆէ կարո»ն էր, իր ոգիով, Պէրէճիկէն բերուած յոյզով ու հաւատքով ու մանաւանդ Ճարապլուս պարզ ու բաց սրտով։ 

 Այն սիրտը, որ ժամացոյցի նման գործեց ու ապրեցաւ, տեսաւ բազում պայքարներ, տեսաւ պատերազմ, պայթումներ, տեսաւ ցաւ ու սակայն շարունակեց իր սլացքը ...։ 

 

Հիմնադրութեան թուականը մեզմէ շատերը չեն գիտեր։ Գուցէ մեր սերունդին համար անյիշելի ժամանակէ մը ի վեր Մարաշ թաղի սրտին վրայ կը գործէր «Գաֆէ Կարո»-ն։ Շատ հաւանաբար 60-ականներու սկիզբին, երբ Լիբանանի մէջ թափ առած էր նպառավաճառութեան ու անոր կողքին թարմ սուրճ աղալու ու վաճառելու գործը՝ Պէրէճիկցի   Կարապետ Թաշճեանը հաստատած էր իր վաճառատունը։

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Պուրճ Համուտ շրջանը կը զարգանար ու այդ շրջանին մէջ կամաց-կամաց ոտքի կ՚ելլէին հայանուն թաղամասեր։ 

  Նոր Կիլիկիա, Արաքս, քիչ մը աւելի հեռու Նոր Սիս եւ Արագած, իսկ աւելի հեռուները Նոր Թոմարզա, Նոր Հաճըն եւ Նոր Ատանա։

Այդպէս հայութիւնը կաթիլ առ կաթիլ կը բազմանար ու օրուան պահանջներուն ու ստեղծուած պատկերին հետ համատեղ կարիքը կը շատնար նոր տիպի վաճառատուներու։

Այս բոլորին զուգահեռ ամէնէն շատ իր իւրայատուկ գոյներով ու երանգներով ուրոյն զարգացում մը կ՚ապրէր Նոր Մարաշ թաղամասը, որ կը նշանաւորուէր ոչ միայն երեխաներու հագուկապ վաճառող հաստատութիւններով ու բանջարեղէնի խանութներով, այլ արեւելեան համեմունք ներկայացնող ու վաճառող խանութներով ու այդ խանութներուն թագն ու պսակը կը տրուէր «Գաֆէ Կարո»-ին, որուն հիմնադիրը իր աշխատասիրութեամբ, ճարտարութեամբ ու հայկական գաւառներու հողէն ծլած մեծղի ձեռքերով կը դառնար բոլորին համար սիրելի եւ վստահաելի հասցէատէր մը։

Թարմ սուրճ, սեւ պղպեղի բոյր, կարմիր պղպեղի թացան, լոլիկի թացան, թարմ մեխակ, թէյի տեսականի, ու մանաւանդ զգլխիչ բոյրը մեխակին ու մանաւանդ կասիային (տարչին) ամբողջական կը դարձնէին իրական հասցէն ժամադրութեան։ 

Ու այսպէս տարուէ-տարի «Գաֆէ Կարո»-ն կ՚աճէր ոչ միայն որպէս հաստատութիւն, խանութ կամ վաճառատուն, այլ որպէս մշակոյթի պահապան։ 

Ու այդ պահպանութեան մէջ առաջատար, յաճախորդին հանդէպ սիրալիր ու մանաւանդ անկեղծ մարդուն մէջ կը պատկերաւորուէր արեւմտահայ մեր շէներու իրական ու ամբողջական պատկերը, որ նաեւ կը դառնար մասնիկ լիբանանահայութեան մեծ խճապատկերին:

Այս բոլորին մէջ ամենակարեւորն անշուշտ սէրն էր, սէրը Կարօ Թաշճեանին հանդէպ իր աշխատանքին, իր ընտանիքին, իր յաճախորդներուն ու առհասարակ մեր ժողովուրդին։

Ու այդ սիրոյ տերեւները կամաց-կամաց կը բացուէին մեր կեանքի ժամանակին վրայ։ 

Կարծէք այդ սիրով մարմին կը հագուէին Հալէպէն Պէյրութ հասած ու անոյշի (մուրաբա) համար պարարտ դարձած վարդի հատիկ-հատիկ փերթերը ....

Այդ վարդերը Կարոյի սրտին նման կ’ընծայուէին Մարաշ փողոցի մայթերուն...։ 

Անցորդներ, բարեկամներ հին ու նոր, յաճախորդներ ՝ արաբ, օտարական, քրիստոնեայ եւ իսլամ կ՚ապրէին այդ սիրոյ բուրմունքով։

Զատկուան շաբաթներ, Սուրբ ծննդեան օրեր, չիր ու չամիչ, հայկական աւանդական «սուճուխ», Հալէպէն ու Դամասկոսէն բերուած քաղցր միրգերու չիրեր, թարմ տեսականի, հաց ու պանիր տաքցնող երկաթեայ տապակներ, կապուած ու իրենց «հիւրեր»-ուն սպասող սմբուկի հատիկներ, տակաւին պամիա, թահին եւ ռուպ ... ու մանաւանդ չնաշխարհիկ տեսականի մը ձիթապտուղներու ու անարատ ձէթի ու գիւղական կարագի։

Այս բոլորը «Գաֆէ Կարո»-ն էր, իր ոգիով, Պէրէճիկէն բերուած յոյզով ու հաւատքով ու մանաւանդ Ճարապլուս պարզ ու բաց սրտով։ 

Այն սիրտը, որ ժամացոյցի նման գործեց ու ապրեցաւ, տեսաւ բազում պայքարներ, տեսաւ պատերազմ, պայթումներ, տեսաւ ցաւ ու սակայն շարունակեց իր սլացքը ...։ 

 «Գաֆէ Կարո»-ն այդ ամբողջ ու երանելի մշակոյթին մէկ մասնիկն էր, որ սիրեց իր ապրումներով։ Գրկեց այդ ոգին ու մինչեւ հիմա իմ մտքիս մէջ դրոշմուած պատկերով նստեցաւ «ոսկեայ» արիշէն Պէյրութ հասած կանաչ տերեւներու սնտուկին մօտ ու հատիկ-հատիկ մաքրեց, խնամեց ու շարեց այդ տերեւները ...։

Փափկասուն տիկնայք, մեծամեծներու տիկիններ եկան իր մօտ, խօսեցան իր հետ, սորվեցան քիչ մը ու հատիկ հատիկ հնչող թելադրանքներով առատ բացին իրենց սեղանները...։ 

Պարոն Կարոն, այդ մշակոյթի մէկ մասնիկն էր, ան մշակոյթ տուաւ մեզի, սիրցուց մեր ճաշերը, տարածեց մեր համերը, խօսեցաւ, երգեց, պատմեց ու ապրեցաւ մեր ու իր հողի հին կարօտովը։ 

Ան այսօր չկայ, բայց յաւերժօրէն կ՚ապրի իր յիշատակը ու յաւիտեանս պիտի յիշենք զինք, մեր բարի ընկեր, բարի բարեկամ ՝ «Գաֆէ Կարո»ն։

                                                                                                                                                 Սագօ Արեան 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...