image

Մեր երիտասարդութեան նկատմամբ զօրակցութիւն կա՞յ, կը գոհացնէ՞ (կամ՝ ինչո՞ւ ան իր հայեացքները ուղղած է այլուր) . Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Մեր երիտասարդութեան նկատմամբ զօրակցութիւն կա՞յ, կը գոհացնէ՞  (կամ՝ ինչո՞ւ ան իր հայեացքները ուղղած է այլուր) .  Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Ցաւցնող Եւ Յամեցող Տագնապներու Դիմաց

Մեր երիտասարդութեան նկատմամբ զօրակցութիւն կա՞յ, կը գոհացնէ՞
(կամ՝ ինչո՞ւ ան իր հայեացքները ուղղած է այլուր)

Սփիւռքը, իր գաղութներով ու համայնքներով, կառոյցներով ու սիւներով, տեղաշարժերով ու գործընթացներով, կ’արդարացնէ՞ կամ կը գոհացնէ՞ արդի իրականութիւնը, նախ՝ ապագայի հաշուոյն, ապա՝ գոյատեւման հեռանկարով։

Պէտք է ըլլալ անմիջական ու թափանցիկ, ճակատային ու բեւեռային, առարկայական ու գործնամտական, առանց իյնալու զգացականութեան ու վերացականութեան, մակերեսական եւ անշօշափելիական արահետներուն մէջ ճեմելով, մոլորուելով ու մխրճուելով, որովհետեւ՝ այդ մտայնութիւններն ու հոգեբանութիւնները չեն օգներ կամ նպաստեր Սփիւռքը դուրս բերելու իր թմբիրէն կամ վերահասու ըլլալու այն մակընթացութիւններուն, որոնք մեր առօրեային մէջ դարձած են սովորոյթներու ու բարդոյթներու խիստ մտահոգիչ հանգրուաններ, որոնց համար «բնական» բացատրութիւններով, ուրիշներու համար ալ տագնապեցնող եզրոյթներով։

Եթէ առաջին կողմի մտածողներուն հետեւինք, կը նկատենք, այլեւ՝ կը հաստատենք, որ անոնք կամ անտարբերներ են կամ անհոգներ կամ յուսահատներ, որ՝ մէկ կողմէն՝ Հայաստանի բարդ իրավիճակը, միւս կողմէն՝ անոր փոթորկոտ եւ անկայուն հոսքը, ցնոր տնօրինում, հաւատք չի ներշնչեր (սական, մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր)։

Երկրորդ կողմի յաւակնորդները այն հատուածներն են, որոնք հաւատքի ուժով փարած են իրենց արմատներուն, կոչումներուն ու համոզումներուն, թէեւ կ’ապրին մղձաւանջներ, բայց, չեն ուզեր յանձնուիլ որեւէ արկածախնդրութիւններու, կառչած մնալով իրենց ազգային կանչերուն, ապագային հետ երբեք չվարուելով յոռետեսութեամբ։

Անշուշտ, այս եւ նմանօրինակ մտածումներն ու կեցուածքները, բնաւ տարօրինակ չեն, բայց, այն ինչ որ կը բոլորուի մեր շուրջը, իր ցաւերով եւ անկումներով, ձախողութիւններով ու ձախաւերութիւններով, դժբախտութիւններով եւ անիրաւութիւններով, անարդարութիւններով ու հպանցիկութիւններով, իրենց զանազան արտայայտութիւններով, տեղայնութիւններով, անիրապաշտութիւններով, կողմնակալութիւններով ու թողլքութիւններով, զանոնք պէտք է տեսնել իրենց մերկութիւններով, չորացումներով, անկիւնաւորումներով ու մթագնութիւններով, իրօք, վտանգաւոր եւ աղիտաբեր են հայկական Սփիւռքին համար, շատ յաճախ ալ կը մատնեն յուսահատութիւններու, հիասթափութիւններու, իրենց զանազան ախտավարակային հետեւանքներով։

Կարեւորն ու հիմնականը անոնք են, որ այսօր մեր շուրջը կը կատարուին ու նկատուին, կը զգացուին ու կը յայտնուին այդ ցաւերը, կաղացումները, թերացումները, բայց, անոնց «լուծում»ը կամ «դարմանում»ը դանդաղ եւ անբաւարար են, իսկ ատոնք կ’առաջնորդեն բեկումնային տրամադրութիւններու եւ արդիւնքներու, մերօրեայ գաղութները եւ անոնց հայաբնակչութիւնը, հետզհետէ տկարացնելով, երբեմն ալ՝ հիւծելով։

Եթէ անգամի մը համար, մեր չորսդին նայինք, բաց աչքերով եւ արթուն տրամաբանութեամբ, պիտի չտեսնե՞նք ու հաւատանք, որ Սփիւռքը այն չէ, ինչ որ էր ասկէ առաջ, քանի, ժամանակները ամէն ինչ փոխած են, իսկ այդ կարգավիճակութիւնը, ոչ միայն չեն կրնար մնալ այդ հորիզոնականին վրայ, այլ՝ ամէն օր պիտի արժանանան նոր ձեւաչափութեան կամ ձեւափոխութեան, մանաւանդ՝ երբ իրերայաջորդ սերունդներ կը հասնին իրարու ետեւէ, իսկ զանոնք ուղղելը կամ դատելը, չեն կրնար նախկին կամ անցեալի կրկնութեամբ ընթանալ։

֍֍֍

Այս գրառումները, մտորումները եւ արձանագրութիւնները լոյսին բերելով, երբեք ւաւակնութիւններ չկան նսեմացնելու կամ բիծաւորելու Սփիւռքը, իր զանազան կողմերով եւ երեսներով, ընդհակառակը, կայ նախանձախնդրութիւն ու հետեւողականութիւն, զայն ներկայացնելու «ինչպէս որ է», չմոռնալով յիշելու նաեւ այն պակասաւորութիւնները, ժխտականութիւնները ու դիւրաբեկութիւնները որոնք ակնյայտ են եւ անհրաժեշտութիւն կայ անոնց վրայ շեշտելու, զանոնք բարելաւելու, կարգաւորելու եւ արդարացնելու միտումներով։

Անկասկած, բարեփոխումներու հասնելու ու զանոնք մշակելու համար, պարտաւորութիւն եւ յանձնառութիւն կայ, որ պատասխանատու հարթակներ ու կայքեր, կարելիութիւններ ու միջոցներ գտնել, զանոնք խթանելու եւ արդիականացնելու, նիւթական ու բարոյական, խնամակալական եւ առողջապահական, նաեւ կրթական եւ ուսումնական նեցուկներով։

Ծանօթ է, թէ այս ուղղութեամբ չեն պակսիր համապատասխան զօրակցութիւններ ու բարերարութիւններ, օժանդակութիւններ եւ օգնութիւններ, սակայն, կարիքները այնքան շատ են, կարօտեալները՝ բազմաթիւ, ինչ որ կը սահմանափակէ անոնց նկատմամբ, հունաւորելու աւելի լայն ու մնայուն վերաբերմունքներ։

Յստակացնենք. Ճիգերն ու ջանքերը չեն պակսիր, որ գաղութային կազմակերպութիւններ, միշտ հետամուտ ըլլան, իրենց հայրենակիցներուն եւ անոնց հարազատներուն եւ ընդհանրապէս բոլորին օգնութեան հասնելու, բայց, յաճախ անոնք կը բախին, կամքէ անկախ պատճառներով, գտնուելու սահմանափակումներու եւ անելներու դիմաց, իրենց մարդասիրական աշխատանքներուն թափը թուլացնելով, բայց, ոչ-արգելակելով։

Իսկ այս ֆինանսական եւ եկամտական սեղմումներն ու ճնշումները, ինչ խօսք լուրջ անպատեհութիւններ են, որոնք կը դժուարացնեն ընկերային-մարդկային, ազգային, կրթական ու համալսարանական, կամ աշխատանքային-ասպարէզայաին կարելիութիւնները, ոչ միայն նուազեցնելու, յաճախ ալ՝ տժգունելու կամ ստուերելու։

Ի հարկէ, գէթ Լիբանանի պարագային, պետական կամ կառավարական շրջանակներէ օժանդակութիւն կամ նպաստ ակնկալելը… ցնորք ըլլալու չափ անհեթեթութիւն է, ոչ միայն ներկայիս, այլ՝ ընդհանրապէս, իր ծնունդէն ասդին, քաղաքացիներուն «քիթէն-բերնէն» բերելով, հետեւաբար, կարօտեալներու կամ աջակիցներու պարագային, այդ հոգատարութիւնը կամ հոգածութիւնը կը բեռցուին, խնդրոյ առարկայ կողմերուն վրայ, նաեւ՝ որոշակի կազմակերպութիւններու ուսերուն։

Սակայն, ատոնք բաւարա՞ր են կամ կը բաւարարե՞ն ծով-ալիքներուն, թէ՛ ուսումնական, թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ կրթական, թէ՛ համալսարանական, թէ՛ ընկերային կարիքներուն։

Ուրեմն, այս անգոհացուցիչ կամ կիսաբաւարար պայմաններուն դիմաց, խղճալի կը դառնան օժանդակութեան, նպաստաբաշխութեան ու ձեռներէցութեան անհրաժեշտ միջոցառումները, ինչ որ, ներկայ բարդ հոլովոյթներու մէջ, արդէն համարեա գոյութիւն չունի, կամ որոշապէս համեստ է եւ կամ՝ պատահական։

Իսկ իրերու այս համայնապատկերը, ի՞նչ կը ցուցանէ, ինչպէ՞ս ինքզինք կը բնորոշէ եւ ի՞նչով կը յուսադրէ, հակառակ անոր որ, կամքի եւ յոյսի, վստահութեան ու լաւատեսութեան «սերմ»երով սնուողներու մօտ չեն պակսիր դիմադրականութեամբ եւ անտեղիտալութեամբ տոգորուածներ, որոնք չեն ուզեր հեռանալ իրենց էութենէն եւ ինքնութենէն, ի գին յարատեւման ու գոյատեւման մարտահրաւէրներուն։

֍֍֍

Աւելի խորացնելով ու մասնաւորելով մեր մտահոգութիւնները եւ յատկապէս կեդրոնանալով նոր սերունդին եւ երիտասարդութեան հետ առընչուող պահանջքներուն ու խնդրիրներուն վրայ, որոնք կարօտ են աւելի լուրջ, ուղղակի, ծրագրուած վերանայումներու, անոնք ըլլան կրթանպաստային (դպրոցական թէ համալսարանական), ապա, աշխատանքային ասպարէզներու գտանելիութեան, հուսկ՝ առնուազն, գոհացուցիչ պայմաններով վարձատրութեանց, կը մնան այն հրամայականները, որոնք կ’ենթադրեն հովանաւորութիւններ, կրթաթոշակային բաշխումներ, մասնագիտութիւններու տիրապետումներ, ճիշդ եւ օգտաւէտ ընտրութիւններ, աջակցութիւններու, որդեգրութիւններու կամ յարակից այլ միջոցներով սատարելու՝ կարօտեալներու, արժանաւորներու, խոստմնալիներու կամ գերազանցներու։

Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն, պատերազմներու, անապովութիւններու, բախումներու թէ ներքին կռիւներու պատճառներով թէ՛ տնտեսութիւնը տուժեց, թէ՛ գործազրկութիւնը տարածուեցաւ, թէ՛ ապրուստի սղութիւնները ահաւոր թափով ընդհանրացան, բազմաթիւ ընտանիքներ ազդուելով անոնցմէ, ոմանաք գաղթելով, ուրիշներ ալ մատնուելով անճրկութեան ու խայտաբղէտ պատուհասներու։

Աւելի ցաւալին այն է, որ օգնութեան ցանցերու գոյութիւնները, եթէ չցամքեցան, բայց ապահովաբար նուազեցան, մերթ հաստատութիւններու կամ հիմնարկներու փակումով կամ նօսրացումով, մերթ գումարներու անբաւարարութեան կամ կրճատումներու պատճառներով։

Այսօր,նմանօրինակ աղբիւրներու առկայութիւնը համարեա նուազագոյն իջած է իր կազմով, գանձով եւ այլ բարենպաստ կարելիութիւններով, որոնք հազիւ կը բաւարարեն պահանջքներու ծառայութեանց, սակայն, ոչ արժանի լրացումներով։

Այդուհանդերձ, չենք կրնար ուրանալ կամ անտեսել այն կազմակերպութիւնները (բարեսիրական, հիմնադրամային, բարերարական եւ այլ կողմնակիցներ), որոնք, կարելի եղած չափով ջանադիր են, պատրաստակամ եւ օժանդակաբեր, իրենց կարելինութիւններուն ներած չափով, իրենց առաւելագոյնը տալու կամ մատուցանելու պատկան խնդրարկուներուն։

Սակայն, ինչպէս անդրադարձայ, ատոնք մեծկակ կամ կշռելի չափանիշներով չեն, այլ՝ համեստ, չափաւոր կամ մասամբ ընդունելի տուչութիւններ, որոնք կրնան ըլլալ շնորհաբեր գնահատումներ, յատկապէս ծանր պայմաններու մէջ գտնուողներուն համար։

Հարցը այն է, որ՝ լիբանանահայ գաղութը, իր մշակութային տարբեր ծիրերէն ներս, ճիշդ է, հրապարակի վրայ է, իրեն յատուկ ներկայացումներով եւ իրագործումներով, բայց, հոս ալ կան նոյն մտահոգութիւններն ու սպասումները, որովհետեւ ամէն կազմակերպութիւն, շրջանակ, հաւաքականօրէն թէ անհատաբար, ի վիճակի չի կրնար ըլլալ այդ «պարապ»ները լեցնելու, թէկուզ անոնց մէջ ըլլան շնորհալիները, ապագացուներ կամ ընտրելիներ, ի դէմս զանոնք առաջ մղելու, քաջալերելու կամ զօրավիգ կանգնելու, իսկ նման պարամաները բառնալու միջոցները այնքան ալ յուսատու եւ օգտաբեր չեն կրնար ըլլալ, հակառակ բարի տրամադրութիւններուն, գնահատական արտայայտութիւններուն եւ ոմանց ողջունելի ճիգերուն։

Այս մատնանշումներն ու յիշեցումները, առանց բարդութային զգացողութեան, հասկնալի պէտք է ըլլան, բայց ոչ համակերպելի, այնքան ատեն որ՝ գաղութային կեանքը սովորական ընթացքի մէջ չի գտնուիր, ոչ ալ կը մնայ համարատու, այլ՝ դիմադրողական ու հասկացողական մօտեցումները աւելի շինիչ ու կառուցողական ուղիով մը… կը պսակուին։

֍֍֍

Այս հրատապութիւններու կողքին, վստահաբար կայ նոյնքան եւ աւելի այժմէական օրակարգ մը, որ վերջին տարիներուն դարձաւ մղձաւանջային կարծր մտահոգութիւն մը, երբ շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ մատնուեցան «ահազանգ»երու, դէմ յանդիման գտնուելով իրենց համալսարանական կրթաթոշակներու ապահովման ու կիրարկման, որոնք «զգլխիչ» բարձունքներու կը հասնին, իսկ զանոնք «ճարել»ը, շատերու համար, աւելի քան դժուար փորձութիւն մը կամ անհասանելիութիւն մը եղաւ։

Անոնք՝ որոնք բախտաւորութիւն կ’ունենան (կամ ունին), այսպէս թէ այնպէս, բաւարարուելու եւ ուղի հարթելու դէպի լիակատար յաջողութիւն, մեծ թիւ մը չեն ներկայացներ, իսկ մնացած թեկնածուները կամ կը հրաժարին այդ ընտրանքներէն կամ ալ իրենց հայեացքները կ’ուղղեն այլուր (արտասահման)։

Լա՛ւ, այս բարդ իրավիճակը ծանօթ է բոլորին, յատկապէս պատասխանատու մարմիններուն (նաեւ՝ ծնողներուն), մինչ գաղութին ղեկավարական շրջանակներ, կը սրտնեղեն, այլեւ կը քննադատեն երկրէն հեռացող կամ լքող թեկնածուները, ինչ որ արդար պոռթկումներ են։

Բայց, նոյն կողմերը, ունի՞ն այլընտրանքներ, երբ շրջանաւարտները ինքզինքնին կը գտնեն փապուղիներու առջեւ, իսկ յետոյ կը լսեն, իրենց նկատմամբ քննադատական խօսքեր ու սաստեր, առանց որ՝ անոնք կարենան այդպիսիներու նկատմամբ, «ապահովագրական եւ յարատեւական» քայլեր առնել, գործնական տնօրինումներով, յուսադրական կարգադրութիւններով ու հանգստացուցիչ տուեալներով։

Այս պարագաներուն, առանց հակընդդիմութեան երթալու կամ «կողմ» դառնալու, ինչպէ՞ս վերաբերուիլ կամ ինչպէ՞ս օգնել, վաղուան երիտասարդին ապագային նկատմամբ, մեղմ ըսած, անհեռանկարային կեցուածքը, նաեւ այն երիտասարդին, որ իր ապագան փնտռելու ու հետապնդելու հեւքի մէջ է։

Պէտք է անկեղծ, առարկայական եւ իրապաշտ ըլլալ, ո՞ւր պէտք է փնտռել «լուծում»ը, ինչպէ՞ս դիմակալել արտահոսքը եւ ի՞նչ գնով օժանդակել խնդրարկուներուն (որոնք կշռելի թիւ մըն են)։

Ասոնց պատասխանները ո՞ւր կը գտնուին, դժուա՞ր է որոշել՝ ո՞ՙւր, երբ անոնց տեղերը յստակ են, տեսանելի ու թափանցիկ, հետեւաբար, ինչո՞ւ դեգերիլ հոս ու հոն, ապա, անկարելիութիւններու պարագային, «մեղք»ը նետել, ակամայ կամ պարտադրաբար մեկնողներուն վրայ, յետոյ ալ՝ մեղադրել (ու նոյնիսկ պախարակել) գացողները, առանց յիշատակելու կամ «մատը դնելու վէրք»ին վրայ։

Եթէ Սփիւռքը, իրապէս մտահոգուող ու տագնապուող է, իր նորակոչ սերունդներու մասնագիտական գիտութիւններու յաջողութեամբ ու դիրքեր գրաւելու պաշտօնագտանելիութեամբ, ուրիշ ելք չունի, բացի, ի սկզբանէ, կողմնակից, զօրավիգ ու հետեւակից դառնալու իր «հօտ»երուն ներկայով եւ ապագայով, ըստ այդմ, իր հովիւութիւնն ու հովանաւորութիւնը պահելով աշխատունակ, գործնամէտ եւ արդիւնաւէտ։

Այս ամբողջ հետեւումները, իրենց զանազան տեսանկիւններով ու տեղանուններով, նորութիւն չեն, բայց, ժամանակները հասցուցած են այս ձգձգուածութեան եւ անհոգութեան, իսկ անոնք դարձած են «ազգային էահարցեր», առանց ուղղահայեաց դիրքերու, այլ՝ մնալով «գլխիվայրական» դրութեանց մէջ։

Եթէ կը խօսուի համայնքայնութեան, համախմբուածութեան, միասնականութեան ու համագործակցութեան մասին, ատոնք չեն կրնար բնորոշուիլ, ձեւաւորուիլ եւ արտաբերուիլ, ժամանցութեան կարգով, որովհետեւ, արդէն ուշ է, իսկ վաղն ալ՝ խիստ ուշացած։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)