Վերջերս կը նկատեմ, որ մեր ժողովուրդին մէջ իրապէս ալ գոյութիւն ունի «ոչխարի հոգեբանութիւն» ըսուածը, որով պատրաստ ենք մեր համաձայնութիւնը տալ նոյնիսկ այնպիսի գաղափարներու եւ մտածումներու՝ որոնց մասին նուազագոյն իմացութիւնը անգամ չունինք: Այս մէկը ուշադրութիւնս սկսաւ գրաւել աւելիով այն ժամանակ, երբ տեսայ համացանցի մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն արձագանգը որոշ արտայայտութիւններու նկատմամբ. օրինակ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Նոր տարուան ուղերձի ուղիղ եթերը կը նայիմ. տակաւին վարչապետը հազիւ ողջոյն ըսած արդէն մի քանի անձեր իրենց համաձայնութիւնը կը յայտնեն անոր ըսածներուն՝ այն պարագային, երբ տակաւին վարչապետը բացի ողջոյնէն բան ըսած չունի:
Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ նման անձեր, առանց լաւապէս լսելու եւ հասկնալու եւ հասկնալէ ետք իրենց հասկցածը վերլուծելու եւ իրենց գաղափարախօսութեանց հետ համեմատելու՝ փաստօրէն իրենց հաւանութիւնը պիտի տան ամէ՛ն ըսուածի՝ նոյնիսկ եթէ վարչապետը իր ուղերձին մէջ պնդէ, թէ յետ այսու մածունին գոյնը որպէս սեւ պիտի ճանչցուի: Այս երեւոյթը դուրս կը մնայ անձը «սիրել» «չսիրել»էն եւ լուրջ մտահոգութիւն կ՚արթնցնէ, տալով այն համոզումն ու մտածումը, որ մեր ժողովուրդին մեծ մասը լրջօրէն չի հասկնար այն, ինչ որ կը լսէ եւ առանց հասկնալու իր հաւանութիւնը եւ կամ մերժողական ընթացքը առաջ կը քշէ եւ նման պարագայ մը ժողովուրդը պարզապէս կրնայ դժբախտացնել, որովհետեւ անոնք չեն կրնար գիտնալ իրենց երկրին ճշգրիտ դիրքորոշումն ու քաղաքական ընթացքը, այլ լոկ ծափահարութեամբ իրենց համաձայնութիւնը կու տան ամէն ըսուածի՝ դատելով ո՛չ թէ խօսքի ճշդութիւնն ու կարեւորութիւնը, այլ անձին ներկայութիւնը:
Մեր ժողովուրդը տակաւին կպուզէ լուրջ ընթացք մը հասկնալու համար, որ անձը սիրելն ու անոր գաղափարներուն շատ անգամ համաձայն չըլլալը դաւաճանութիւն եւ կամ հակառակութիւն չէ, որովհետեւ որպէս մարդ անհատ իւրաքանչիւրս ունինք մեր համոզումներն ու ըմբռնումները, որոնք միշտ նոյնը չեն ըլլար եւ այդ հակասութիւնը ո՛չ թէ թշնամութիւն, այլ զգացում կ՚ապահովէ, որովհետեւ գաղափարներ իրարու բախուելով է, որ կը զարգանան եւ աւելի լաւ ընթացք մը կը ստանան: Այսօր ես կրնայ ըլլալ սիրեմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, սակայն համաձայն չըլլամ անոր յայտնած այս կամ այն կարծիքին։ Այդ հակառակ կարծիքները հասկնալու համար պէտք է նախ լսել եւ ապա ըմբռնել լսածը եւ համեմատել սեփական կարծիքներու հետ եւ ապա դիրքորոշում մը որդեգրել. այս է առողջ մարդու մօտեցումը, ինչ որ հեռու է մեզմէ. տակաւին «ողջոյն» ըսած ամբողջութեամբ իր համաձայնութիւնը տուող ազգ մը թող չի կարծէ, որ այդ մէկը սիրոյ անկրկնելի օրինակ մը առաջ կը բերէ. մարդիկ իրենց սէրն ու նուիրումը կը յայտնեն տարբեր ձեւերով, սակայն քաղաքականութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիէն տարբեր մօտեցում կ՚ակնկալէ։ Այս հարցը լուծելու համար պէտք է մեր մէջէն վերցնենք որոշ անձերու «անսխալական» ըլլալու մտադրութիւնը, ըլլան անոնք պետական գործիչներ, կուսակցական ղեկավարներ, եկեղեցւոյ գլուխը գտնուող հոգեւորականներ եւ կամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու պատասխանատուներ. այսօր դուն կրնաս այս կամ այն կուսակցութեան համակիրը կամ անդամը ըլլալ, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ պարտաւոր պէտք է ընդունիս ամէն ըսուած ու ամէն որոշում, որ դուրս կու գայ այդ կուսակցութենէն կամ կազմակերպութենէն։ Մեր մօտ շատ անգամ այս մէկը որպէս դաւաճանութիւն կը դիտուի, սակայն, իրականութեան մէջ, ճիշդն ալ այդ է. եթէ մէկ կողմը կ՚ըսէ այո, ապա միւս կողմը պարտի ոչ մը ըսել, որպէսզի ի յայտ գայ շատ աւելի տրամաբանական պատճառը այդ «այո»ին. այլ խօսքով՝ ոչը ո՛չ թէ արգելք, այլ յաւելեալ լուսաբանութիւն կու տայ «այո»ին:
Ցաւ ի սիրտ, այս դժբախտ ընթացքը կը տեսնենք նաեւ հոգեւոր մակարդակի վրայ եւս. յաճախ համացանցի մէջ կը տեսնեմ որոշ եկեղեցականներու ոչ-եկեղեցական նիւթերով առնչուող գրառումները. օրինակ՝ եկեղեցական մը իր էջին մէջ կը բաժնեկցի «Կռո՜ւնկ ուստի կու գաս»ի տողերը. այդ գրառումին տակ կը կարդանք հազարաւոր «Ամէ՜ն»ներ. հաւատացէ՛ք, թէ այդքան ալ կարեւորութիւն չունի, թէ ինչ գրառում կը կատարէ եկեղեցականը։ Անոր եկեղեցական ըլլալը բաւարար է «ամէն» գրելու եւ համաձայն ըլլալու այն բոլոր «մաղթանք»ներուն ու «աղօթք»ներուն, որոնք իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին:
Այս դժբախտ երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ մենք մտապէս աղքատներ ենք եւ մեզի համար անձը աւելի կարեւոր է՝ քան իր ըսածը: Նման ժողովուրդ մը արժանի է «ոչխար» կոչուելու, որովհետեւ միայն ոչխարներն են, որ առանց հարցականի տակ դնելու կը հետեւին հովիւին՝ նոյնիսկ եթէ զիրենք դէպի անդունդ կ՚առաջնորդէ: Ի՞նչ տարբերութիւն ունինք այդ ոչխարներէն եւ վերջապէս ինչո՞ւ մարդ կոչուինք, եթէ պիտի չունենանք մեր համոզումները, մտածումները։ Ինչո՞ւ համար գաղափարի մը դէմ արտայայտուիլը մեզ թշնամի պիտի դարձնէ հաւաքականութեան մը, երբ կրնանք այդ գաղափարին հարցադրումը շատ աւելի յստակ լուծումի մը հասցնել. թող կուսակցութիւններ իրենց գաղափարներուն դէմ արտայայտուողները որպէս թշնամի տեսնելու փոխարէն՝ սկսին տեսնել որպէս միջոց, իրենց գաղափարները աւելիով հաստատելու. թշնամի կը տեսնէ ան՝ որ գիտէ իր գաղափարներուն անճշդութիւնը, սակայն հակառակ կարծիքներու դիմաց հասուն մօտեցում կ՚ունենայ ան՝ որ գիտէ իր գաղափարին ճշմարտութիւնը եւ պատրաստ է ամէն գնով զայն փաստելու:
Որպէս եզրակացութիւն, որպէս ազգ պէտք է սկսինք անձերը առանձնացնել իրենց գործերէն. եթէ այսօր այս կամ այն անձը քեզի դուրեկան չէ, այդ չի նշանակեր, որ անոր ամէն խօսքերը սխալ են եւ եթէ այս կամ այն անձը դուրեկան է՝ նոյնիսկ չի նշանակեր, որ անոր բոլոր խօսքերը ճիշդ են։ Աստուած տուած է խելք ըսուածը եւ մեր յոյսն է, որ 2025 թուականին մեր ազգը կ՚որոշէ զայն ի գործ դնել:
Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս