Հիւսիսային Քորէան (ԿԺԴՀ) պատրաստ է ԱՄՆ-ի հետ որեւէ ռազմական բախման։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Yonhap» գործակալութիւնը, Քորէական պատերազմի (1950-1953թթ․) աւարտի 69-ամեակին նուիրուած իր ելոյթին մէջ յայտարարած է Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ընը։
«Միացեալ Նահանգները, սխալմամբ, սադրանք եւ սպառնալիք որակած է մեր ամէնօրեայ գործողութիւնները՝ միեւնոյն ժամանակ իրենք իսկ իրականացնելով լայնածաւալ համատեղ զօրավարժութիւններ, որոնք լուրջ սպառնալիք են մեր ազգային անվտանգութեան: Սա բառացիօրէն աւազակային պահուածք է, որ Հիւսիսային Քորէայի եւ Միեացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները կը տանի հակամարտութեան, ընդ որում՝ անդառնալի», -ըսած է ան։
Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդի խօսքով՝ այս կապակցութեամբ երկրի զինուած ուժերը լիովին պատրաստ են արձագանգելու որեւէ ճգնաժամի։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ յարձակման փորձի պարագային Հարաւային Քորէայի բանակը կ'ոչնչացուի։
«Եթէ հարաւքորէական ռեժիմն ու ռազմական աւազակները կը մտածեն յարձակիլ մեր վրայ եւ կը կարծեն, որ կրնան կանխարգելիչ նպատակներով չէզոքացնել կամ ոչնչացնել մեր ռազմական հզօրութիւնը՝ հիմնուելով որոշակի ռազմական միջոցներու կամ մեթոտներու վրայ, ապա անոնք կը սխալին», - աւելցուցած է Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը։