Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Արժանթինի Հանրապետութեան նախագահ՝ Ալպերթօ Ֆերնանտեզ Արժանթինի հայ համայնքին նամակ ուղղած է, ուր մասնաւորապէս գրած:
«Ինչպէս քաջատեղեակ էք, Արժանթինի Հանրապետութիւնը ընդունած է թիւ 26.1999 օրէնքը, որով իւրաքանչիւր տարուայ Ապրիլ 24-ը հռչակուած է «Յանուն ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի գործողութեան օր»՝ ի նշանաւորում այն ցեղասպանութեան, որու զոհը դարձաւ հայ ժողովուրդը, այն ոգիով, որ անոնց յիշատակը դառնայ ներկայի քայլերու եւ մեր ապագայի նպատակներու մասին մշտական դաս:
Անկասկած, այդ կոտորածները յարատեւ հետք ձգեցին հազարամեայ հայ ժողովուրդի վրայ: Արժանթինցի ժողովուրդը այդ մասին լաւ գիտէ, քանի որ այն համայնք մըն է, որ շատ խոր արմատներ նետած է մեր երկրին մէջ. մենք միասին մեծցած ենք: Գիտեմ, որ ձեզմէ շատերը կը սիրեն Արժանթինը, ինչպէս նաեւ իրենց նախնիներու մշակոյթը, աւանդոյթները եւ յիշատակը: Այսօր միասին կը յիշենք այդ ողբերգութիւնը:
Այս ցաւալի օրը, կը ցանկամ ձեր կողքին ըլլալ այն ըմբռնմամբ, յարգանքով եւ համերաշխութեամբ, որոնցմով միշտ ըրած եմ: Ընդունեցէ՛ք իմ սրտանց եւ եղբայրական գրկախառնութիւնը»։