Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Հայաստանի մասնաճիւղի Տնօրէն Արեն Տէյիրմենճեան կը գրէ՝
Ամէն ինչ այնքա՜ն արագ կատարուեցաւ: Արցախը հաշուուած օրերու ընթացքին բռնի կերպով դատարկուեցաւ հայ բնակչութենէ։ Ըստ նախկին պաշտօնեայ Արտակ Բեգլարեանի՝ այնտեղ «մի քանի հարիւր» հոգի մնացած է. բնակավայր, ուր դարեր շարունակ հարիւր քսան հազար բնիկ հայ եղած է, ալ չկայ, մարդիկ տեղահանուած են, աքսորուած: Տուները հրկիզուած են, քաղաքի հրապարակները աւերակներու վերածուած, երազանքները փշուր-փշուր եղած են: Արցախի երազանքը յօդս ցնդած է ։
Միւս կողմէ Կոռնիձորի անցակէտով հազարաւոր մարդոց ներհոսքը Հայաստան. ոմանք ճանապարհին 3 օր անցուցած էին։ Քիչերն էին, որ ակնկալի չէին եկած այս ամէնէն 10 ամիս տեւող սովէն յետոյ, որ վայրագ յարձակմամբ հասաւ իր գագաթնակէտին: Բայց ոչ այսպէս. ոչ այսքան արագ, ոչ այսքան արհամարհաբար եւ յանդգնօրէն, ոչ անտարբեր աշխարհի մշտարթուն աչքի առջեւ:
AMAA (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն-ԱՀԱԸ) կրկին այնտեղ էր ամէն քայլափոխին, իւրաքանչիւր քաղաքի եւ ապաստանի գօտիի մէջ: Մենք արդէն վարժուած ենք: Բայց ասիկա նախադէպ չունեցող ու նախապէս չտեսնուած մի բան էր։ Արցախի մեր ներկայացուցիչ Վիքթոր Կարապետեան այս ամէնը որակեց «շատ աւելի վատ, քան 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը»։ Մարդիկ հիւծուած ու ջախջախուած էին, բայց այս անգամ կը թուար, թէ անոնք նաեւ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը՝ աշխարհի, մարդկութեան, իրենց ազգի հանդէպ։
Անոնք այն նոյն մարդիկն էին, որոնք քանի մը օր առաջ, երբ ատրպէյճանական զօրքերն արդէն քաղաքի ծայրամասերն էին, կը գտնուէին AMAA-ի գրասենեակ՝ ծառայելով իրենց հայրենակիցներուն։ Կիրակի օր անոնք իրականացուցին Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերջին պաշտամունքը, երբ բնակչութիւնն արդէն խուճապի մէջ էր։ Անոնք օգնութիւն եւ խնամք կը ցուցաբերէին մինչեւ ուշ գիշեր, երբ տարհանումն արդէն սկսած էր։ Որեւէ մէկը ո՛չ թելադրած էր զանոնք, եւ, ի հարկէ, ո՛չ ալ պարտադրած. ահա թէ որոնք էին անոնք այսքան տարի անց:
1995 թուականին AMAA ոտք դրաւ Արցախ՝ հասարակութեան մէջ բացառիկ անհատներ աճեցնելու առաքելութեամբ: Մարդիկ, որոնք կը սիրէին Աստծուած, որոնք հոգ կը տանէին ուրիշներու եւ իրենց ազգին մասին: Արցախի մէջ մեր վերջին օրերը եզրափակուեցան այս տեսլականի իրագործմամբ։
Մինչ AMAA-ի ընտանիքէն անսահման աղօթքներ կը հնչէին անցեալ շաբթուան «Աղօթի՛ր եւ գործի՛ր» առցանց հանդիպման, ինծի շարունակ չէր լքեր այն միտքը, որ յոյսով եւ վճռականութեամբ մենք նոր «Արցախներ» կը ստեղծենք եւ կը բարձրացնենք հաւատարիմ ծառայողներու նոր սերունդներ։
Մինչդեռ առայժմ մենք կը սգանք՝ տակաւին փորձելով նորոգել մեր հաւատքը:
«… զարնուած ենք, բայց ո՛չ կործանուած…
Անոր համար չենք վհատիր:»
Բ. Կորնթ. 4. 9բ, 16ա:
Արէն Տէյիրմենճեան
AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն