«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ արուեստագէտ, նկարիչ՝ Գրիգոր Սագայեան (Գօգօ Կարապետ):
- Պրն. Սագայեան պիտի խնդրենք, որ հակիրճ տողերով «Արեւելք»ի ընթերցողներուն պատմէք, ձեր մասնագիտական գործունէութեան մասին:
1988 Թուականին Այնճարէն տեղափոխուած եմ Պէյրութ եւ 2 տարի յաճախած «Համազգայինի Թորոս Ռոսլինի կերպարուեստի ակադեմիա»ն, ապա 1993-ին մեկնած Իտալիա եւ յաճախած Վենետիկի կերպարուեստի ակադեմիան, ուրկէ աւարտած եմ 2000 թուականին: Մեծ ներդրում ունեցած են իմ կազմաւորմանս մէջ որպէս արուեստագէտ եւ նկարիչ հայկական արուեստը, հին եւ նոր հայ նկարիչներու գործերուն ծանօթանալը, ապա իտալական արուեստը, միջազգային մակարդակի իտալացի հին եւ նոր վապետներու արուեստը, ինչպէս նաեւ Վենետիկ քաղաքը իր հարուստ մշակութային կեանքով, ուր ալ ներկայ գտնուած եմ միջազգային մակարդակի ցուցահանդէսներու: Սերտ կապի մէջ եղած եմ արուեստի շրջանակներուն հետ, մասնակցած եմ ցուցահանդէսներու: Մէկ խօսքով լաւ շաղուած ու խմորուած եմ այդ քաղաքի եռուն մշակութային արուեստի կեանքին հետ: Առաւել այցելած եմ եւրոպական շատ մը քաղաքներ եւ մայրաքաղաքներ հաղորդուելու այդ քաղաքներու հրամցուցած դարաւոր արուեստի հարստութեամբ։
- Դուք կը համարուիք վերացական ոճի գեղանկարիչ: Արուեստի մէջ ի՞նչ է ձեր ոգեշնչումի աղբիւրը:
Իմ արուեստի գործերուս ոճը կը մէկտեղէ մի քանի դպրոցներ՝ գերիրապաշտ (Surrealism), խորհրդապաշտ (Symbolism) եւ վերացական (Abstract): Այս տարբեր ոճերու համադրումով է, որ կրնամ լաւագոյնս արտայատել՝ ըսելիքս, զգացածս եւ մտածածս: Իմ ոգեշնչման կամ ներշնչման աղբիւրը նոյն ինքն կեանքն է, մարդն է, այն ամէն ինչը, որոնք կը պարփակեն այս երկու բառերը՝ կեանք եւ մարդ, այդ ամէն ինչը նիւթն է, վառելանիւթն է իմ արուեստի կրակը վառ պահելու համար:
- Ի՞նչ գերխնդիր ունէիք երբ համալսարանէն վկայուեցաք, որպէս գեղանկարիչ:
Ես բնաւ չորոշեցի նկարիչ ըլլալ, արուեստագէտ ըլլալ, պարզապէս այդպէս պատահեցաւ: Կեանքը արդէն որոշած էր ինծի համար, կեանքը եւ ճակատագիրը որոշեցին, որ ես ըլլամ արուեստի «առաքեալ» մը, եւ ես պարզապէս համակերպեցայ ճակատագրիս: Կ'ըսեմ «առաքեալ» որովհետեւ կը կարծեմ, որ արուեստը առաքելութիւն մըն է, պատմելու իրականութիւնը, պատմելու կեանքը, վերջ ի վերջոյ արուեստը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ կեանքի հայելին, իմ առաքելութիւնս է հայելին սարքել, փայլեցնել, մաքուր պահել ու բռնել զայն նկարին ակնդիրին դիմաց ցոյց տալու համար իրեն իրականութիւնը, կեանքի իսկութիւնը եւ կեանքի ոգին:
- Գեղանկարչութենէ զատ ի՞նչ այլ զբաղում ունիք
Մինչեւ 27-28 տարեկան շատ անգամ բեմի վրայ եղած եմ, կա՛մ թատերական ներկայացումի մը մասնակցելու կա՛մ երգելու, անշուշտ միշտ նկարելու կողքին, յետոյ սակայն ամբողջովին նուիրուեցայ նկարչութեան: Վերջին տարիներուն նախասիրած զբաղումներս քարերն ու բոյսերն են, երբեմն ալ բաներ մը կը գրեմ...։
- Ձեր բնակարանը թանգարան մըն է իրօք ըլլայ ձեր ստեղծագործութիւններով ինչպէս նաեւ ձեր հաւաքածոներով: Կրնա՞ք խօսիլ այդ մասին:
Այո, յաճախ կը պատահի, որ բնակարանս այցելողները թանգարանի նմանցնեն զայն, որովհետեւ նկարներուս կողքին կան բազմաթիւ հին առարկաներ, զարդեր, գորգեր եւ այլն: Կը սիրեմ հինը, գործածուածը, քիչ մը մաշածը, ժանգոտածը, պարզ այն պատճառով, որ երբ բան մը նոր է, աւելի նիւթ է՝ փլասթիք է, երկաթ է, տախտակ է եւ այլն, բայց երբգործածուած է ու հին է, արդէն միայն նիւթ չէ այլ կեանք , ապրած է, կեանքին մաս կը կազմէ: Բնակարանիս բակն ալ յատուկ է, որովհետեւ հարստացած է գեղեցիկ քարերով, տարիներէ ի վեր կը հաւաքեմ գեղեցիկ քարեր, ամէն մէկը արուեստի գործ մըն է, քանդակ մըն է, որ բնութիւնը, ժամանակը, հովը, ջուրը, ամէն մէկը իր միջոցով տաշած ու յղկած ու ձեւ տուած է անոնց, ամէն մէկ քար ունի իր կեանքի պատմութիւնը:
- Ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող անբնական վիճակին պատճառով արուեստի բնագաւառը որոշ չափով տուժած է: Այս բոլորը ձեր վրայ ինչպէս կ'ազդէ եւ արդեօք կան ապագայի ծրագիրներ:
Անկասկած արուեստագէտի համար նպաստաւոր պիտի ըլլայ ապրիլ եւ գործել միջավայրի մը մէջ, ուր արուեստը կարեւոր տեղ կը գրաւէ ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ: Կայուն երկիր, բարգաւաճ տնտեսութիւն, կայտառ մշակութային կեանք, այս բոլորը կը պակսին այսօր Լիբանանի մէջ, ուր կ'ապրիմ ներկայիս: Ապրելէ ետք 14 տարի Վենետիկ, 2 տարի Վիեննա, 2 տարի Միացեալ Նահանգներ, հսկայ է տարբերութիւնը, սակայն ես նոյն մարդն եմ, ես եւ արուեստը միասին կը քալէինք, միասին կը չափչփէինք փողոցները Վիեննայի կամ Վենետիկի, հիմա Լիբանանի փողոցները կը չափչփենք միասին: Ցուցահանդէս ընենք կամ ոչ, նկար ծախենք կամ ոչ, մեզմով հետաքրքրուող ըլլայ կամ ոչ, մենք զիրար չենք լքեր, լաւ օրերուն թէ վատ, կը մնանք միշտ իրար հաւատարիմ: Այսօր Լիբանանի մէջ վաղուայ ծրագիր մշակելը դժուար է բոլորին համար, ներառեալ արուեստագէտին համար։ Ինծի համար հիմնական մէկ ընելիք կայ, այն ինչ ըսի նախապէս, մշուշոտ ու մութ օրերուն արուեստը եւ ես իրար չկորսնցենք, մնանք միշտ միասին, միասին նուաճելու դժուարութիւնը եւ միասին վայելելու գալիքի փայլուն օրերը:
- Արուեստագէտին համար ուր աւելի նախընտրելի է ապրիլ՝ գիւղի մէջ կամ քաղաքի: Ի՞նչ առաւելութիւններ կամ դժուարութիւններ կրնան յարուցուիլ:
Իմ կարծիքով երկուքն ալ պէտք են արուեստագէտին համար, գիւղն ալ քաղաքն ալ: Ամէն մէկը ունի իր հրամցնելիքը, ամէն մէկը իրեն յատուկ ձեւով կը սորվեցնէ, կը թրծէ, տարբեր փորձառութիւններու բովէն կ'անցընէ արուեստագէտին: Անշուշտ տարբեր արուեստագէտներ ունին տարբեր հետաքրքրութիւններ, ունին տարբեր ներշնչման աղբիւրներ, տարբեր ապրելակերպ եւ աշխատանքային գործընթաց: Մեկնած այս բոլորէն, կան արուեստագէտներ, որոնք աւելի հանգիստ ու համերաշխ կ'ապրին քաղաքին մէջ եւ կան անոնք, որոնք կը նախընտրեն գիւղը: Ինծի համար հաւասար արժէքներ են, գիւղի ջուրը, հողն ու քարը եւ քաղաքի շուկան, ժխորն ու «կեղտ»ը:
Հարցազրոյցը «Արեւելք»ի համար պատրաստեց ՝ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեան