image

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (3). Տիգրանակերտ եւ Վան

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (3). Տիգրանակերտ եւ Վան

Տիգրանակերտ

Տիգրանակերտ՝ թագաւորական կերտուածքով քաղաք, խրոխտ ու ամրակուռ պարիսպներով բերդաքաղաք: Ներկայութիւն մը, որ կը պատմէ հզօր անցեալի մը վաւերագրականը: Դժբախտաբար այժմ իր Տիարպեքիր (Պեքր ընտանիքին տունը) անուանումով շատ բան կը զիջի իր հզօր ու հնչեղ հմայքէն։

Կը շրջինք բերդին տարածքը եւ մեզի «կ'ընկերակցի» Տիգրան Բ. թագաւորին փառաշուք ուրուականը: Հեռուէն դիտելը եւ բերդին պատմութեան իրազեկ ըլլալը, նման չեն այն իրողութեան, երբ կը ներգրաւուիս բերդին սահմաններուն մէջ: Կարծես կը տեղափոխուիս այլ ժամանակաշրջան մը եւ կը շփուիս անբացատրելի հզօրութեան մը հետ: Արտասովոր իրավիճակ մը կ'ապրիս, մերթ կը փշաքաղուիս, մերթ սիրտդ արագ կը բաբախէ եւ չես կրնար ճշգրտօրէն սահմանել զգացումներդ ...: 

Հիացմունքով կը դիտեմ պարիսպէն անդին տարածուող հրաշալի բնութիւնը, դալարագեղ դաշտերը, որոնց կանաչին մէջ կը խաղաղի փոթորկած էութիւնս: 

«Հայր մեր, որ յերկինս ես սուրբ եղիցի Անուն քո, եկեսցէ արքայութիւն քո...»:

Վերջերս վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կ'երգենք հոգեպարար Տէրունական Աղօթքը: Ընդարձակ այս եկեղեցին իւրայատուկ է իր եօթ խորաններով, որոնք կը խորհրդանշեն Առաքելական եկեղեցւոյ եօթ խորհուրդները, իսկ չորս դուռներն ալ` Ս. Գրային չորս Աւետարանիչները։ Պատուհաններէն ներթափանցող լոյսը եթերային խորհրդաւորութիւն կը սփռէ։ Կարծես մեր սրբադասուած նահատակներն են, որոնք այսօր կը յայտնուին լոյսի շողերով...: Կ'աղօթենք ակնածանքով ու կը խնդրենք Բարձրեալէն, որ պահպանէ այն, ինչ որ տակաւին սրբապղծուած չէ ու կը պահէ Հայկական դրոշմը: 

Եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող ջրհանէն կ'ըմպենք օրհնեալ ջուրը եւ հոգեկան գոհունակութեամբ կը շարունակենք մեր ճամբան: 

Եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու, կ'այցելենք թուրք գրագիտուհի Էսմէ Օճաքին տունը, որ իրականութեան մէջ եղած է Հայ մեծահարուստ ընտանիքի մը երկյարկանի եւ ընդարձակ տունը: Հետաքրքրական պատմութիւն մը կայ այս տան մէջ: Ցեղասպանութենէն հազիւ փրկուած հայ ընտանիքը կը գաղթէ ու մշտական կեցութիւն կը հաստատէ Ֆրանսայի մէջ: Նոյնպէս Էսմէ Օճաք բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնի Ֆրանսա: Ան իր կեցութեան ընթացքին կը ծանօթանայ հայ ընտանիքին, որուն անդամներուն հետ բարեկամական ու յարգանքի կապեր կը գոյանան: Էսմէ երբ կ'իմանայ Տիգրանակերտի տան գոյութիւնը, կ'առաջարկէ գնել եւ հետեւաբար տունը կ'ըլլայ Էսմէյինը: Զարգացած ու պատմական իրողութիւններուն իրազեկ Էսմէն, կ'ուզէ պատառիկ մը արդարութիւն վերադարձնել հայ աքսորեալ ընտանիքին...: Տունը կը վերածէ տուն թագարանի, ուր խնամքով կը պահպանուին եւ կը ցուցադրուին մեծահարուստ հայ ընտանիքին կահոյքը, օգտագործած իրերը, գորգերը, հագուստեղէնները, ընտանեկան լուսանկարները եւ այն ամէնը, որ կը պատմէ Տիգրանակերտցի ընտանիքին ազնուական կենցաղը: Էսմէն այս տունը ձրիօրէն կը բանայ այցելուներուն դիմաց, իսկ տան բակին մէջ վաճառուող սուրճի եւ զովացուցիչի հասոյթէն կը հոգայ աղքատ ուսանողներու կրթական ծախսը: Այլ ուշագրաւ երեւոյթ մը եւս՝ Էսմէն տունը կը կտակէ տեղւոյն քաղաքապետարանին, որպէսզի նոյն առաքելութիւնը՝ ուսանողներու կրթաթոշակը հոգալը, շարունակուի: 

Այս տան մէջ կը շրջիմ եւ ամէն մէկ իր կը փշաքաղէ զիս, «կը տեսնեմ կանայք», որոնք ասեղ առ ասեղ խնամքով նախշած են տան անկողիններուն ու սեղաններուն ծածկոցները: Արդեօք ինչպիսի՞ երազներ միահիւսուած են այդ ձեռագործերուն հետ...: Հագուստներ, որոնք ապակեայ դարաններու տակ ցուցադրուած են, ընտիր կերպասներով ու երփներանգ շղարշներով կը պարզեն ազնուական ճաշակ ու վայելչութիւն։ Պատերուն ամրացուած ընտանեկան նկարները կը պատմեն նահապետական ընտանիքի մը վաւերագրականը։ Այս տան մէջ կարծես ապրող էակներ կան, տաքուկ շունչեր եւ հարազատ հոգիներ: Տիգրանակերտի այս տունէն կը վերցնեմ ընտիր ու փայլուն թելեր եւ միտքիս մէջ Նեւրիկին համար հարսանեկան նարօտ ու շղարշ կը հիւսեմ...: 

Վան

Յովհաննէս Շիրազի խօսքով ու Արամ Մերանկիւլեանի երաժշտութեամբ ստեղծուած այս երգը կ'ընկերակցի մեր ուղեւորութեան:

«Վանայ ծովիս կղզու վրայ,

Ինչպէս բիբը աչքի մէջ,

Կա՞յ մեր տաճարն Ախթամարա,

Ուր կ'աղօթէր մայրս խեղճ»:

Նաւը կ'ուղղուի դէպի Ս. Խաչ եկեղեցին: Արեւոտ կապոյտով յագեցած՝ Վանայ ծովուն ջուրերը եւ եզերող հրաշալի բնութիւնը զգլխիչ տեսարան մը կը պարզեն: Երեւցող եկեղեցին, որ կառուցուած է սրբատաշ կարմիր քարերով հայկական ճարտարարուեստի գլուխ գործոց մըն է: Արտաքին պատերը նախշուած են հայկական քանդակներով, կենդանակերպերով ու Աստուածաշունչի սուրբերուն բարձրաքանդակներով: Կ'իմանանք, որ այս հրաշակերտ եկեղեցւոյ օծման օրը Գէորգ կաթողիկոս իրեն հետ բերած է Ս. Լուսաւորիչի աջէն մասունքներ...: Ա՜խ Ինչքան որ արտաքին տեսքը զմայլելի ու շէնշող է, ներսը նոյնքան յուզիչ եւ յուսախաբող: Ոչ Յովհաննէս Շիրազի աղօթող մայրը ներկայ է, ոչ ալ դարաւոր Հայ հաւատացեալները: Թուրք ոստիկանը կատղած կը սպառնայ ու կը պոռայ. «Արգիլուած է մոմ վառելը, արգիլուած է երգելը»: Միթէ բաւարար չե՞ն գունաթափ իւղանկարները, լքուած, դատարկ ու անխաչ խորանները եւ ամէն ջանք, որ ի գործ դրուած է ջնջելու Քրիստոնէական հետքերը...: Կարծես վայրագ գազանի ճիրաններով քերծած են պատերուն սրբանկարները եւ անոնք կ'արիւնահոսին ինչպէս խաչեալ Քրիստոսը:

Նեւրի՛կ, հիմա քեզ աւելի մօտէն կը ճանչնամ...: Սա նոյն դաժան դահիճն է, որ քու կոյս մարմինդ պղծեց ու հոգւոյդ խորքը անդարմանելի վէրքեր բացաւ , որոնք արիւնահոսեցան եւ կաթիլ առ կաթիլ սնուցին որովայնիդ մէջ բրտօրէն «ցանուած» մանուկը:

Նկարները տեղադրած եմ իրենց բացատրութեամբ եւ ըստ յօդուածին՝ յաջորդական կարգով:

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...