* Կը յայտարարենք, որ Արցախի հակամարտութիւնը լուծուած չէ եւ միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ն՝ իբրեւ այս հարցի կարգաւորման միջազգային օրինական մանդատ ունեցող միակ հարթակ՝ պարտաւոր են գործել զայն հանգուցալուծելու ուղղութեամբ։
8 օգոստոս 2025-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած Միացեալ Նահանգներ, Հայաստան, Ազրպէյճան միացեալ յայտարարութիւնը ո՛չ միայն չի արտացոլացներ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եւ ազգային շահերը, այլ նաեւ հարուած է Հայաստանի ինքնիշխանութեանը։
Հայաստանի իշխող վարչակազմի որդեգրած քաղաքականութիւնն ու անհաւասարակշիռ որոշումները տրուած են գաղտնի կերպով։ Անոնք կ՛ոտնահարեն հայ ժողովուրդին հաւաքական իրաւունքներն ու կենսական շահերը, կը ստեղծեն ապահովական նոր մարտահրաւէրներ եւ սպառնալիքներ, կը վտանգեն տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնն ու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ կասկածի տակ դնելով ՀՀ պետականութեան գոյութիւնը։
Շարունակական կեղծիքներու, սուտ խոստումներու եւ ամբոխավարութեան քողին տակ ոտնակոխուած են Հայաստանն ու հայ ժողովուրդին շահերը։ Հայաստանի իշխող վարչակազմի որդեգրած ապազգային եւ անհեռանկար քաղաքականութեան արտացոլացումը հանդիսացող, իր էութեամբ հակապետական յայտարարութիւնը ունի մէկ նպատակ՝ ի գին Հայաստանի իրաւունքներուն օտար շահերուն սպասարկող ՀՀ իշխող վարչակազմի վերարտադրութիւն՝ Հայաստանը դարձնելով աշխարհաքաղաքական շահերու բախման թատերաբեմ։
Ազրպէյճանի շարունակական նախապայմաններու, արցախահայութեան նկատմամբ ի գործ դրուած ցեղասպանական գործողութիւններու, Արցախի ցեղային զտման եւ ամբողջական հայաթափման, Հայաստանի տարածքներու բռնագրաւման, Պաքուի մէջ ընթացող կեղծ դատավարութիւններու եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի ոտնահարման եւ յանուն շահի այս բոլորին մեծ տէրութիւններու աչք փակելու պայմաններուն մէջ՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը ո՛չ միայն իրատեսական չէ, այլեւ՝ բնոյթով յանձնուողական:
Ըստ այդմ.
* Կը յայտարարենք, որ Արցախի հակամարտութիւնը լուծուած չէ եւ միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ն՝ իբրեւ այս հարցի կարգաւորման միջազգային օրինական մանդատ ունեցող միակ հարթակ՝ պարտաւոր են գործել զայն հանգուցալուծելու ուղղութեամբ։
* Կ՛ընդգծենք, որ ստորագրուած յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, կ՛օրինականացնէ միջանցքի գաղափարը եւ ուղղուած է բացառապէս ազրպէյճանական շահերու սպասարկման։
* Կը հաստատնեք, որ որեւէ անուամբ եւ կարգավիճակով՝ Ազրպէյճանին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով «անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն» տրամադրելը, իրականութեան մէջ «թուրանական միջանցք»-ի իրացում է եւ Հայաստանի իքնիշխանութեան ոտնահարում։
* Կը պահանջենք՝ Հայաստանի տարածքէն Ազրպէյճանի զինուած ուժերու դուրսբերում, Արցախի ռազմաքաղաքական պատանդներու անյապաղ ազատ արձակում, Արցախի հայութեան հաւաքական, անվտանգ, երաշխաւորուած եւ արժանապատիւ վերադարձի համար պայմաններու ստեղծում։
* Համոզուած ենք, որ ռազմական գործողութիւններու եւ ցեղասպանական յանցագործութիւններու իբրեւ հետեւանք ձեւաւորուած սթաթուս քոն չի կրնար առաջնորդել կայուն խաղաղութեան։
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման միջազգային սկզբունքներուն։
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
8 Օգոստոս 2025